Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան Թարթուս ժամանեց, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի։ Առաջնորդ սրբազան հօր դիմաւորեցին Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ ԱրԺ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Թարթուսի թաղական խորհուրդի ատենապետ տիար Աւետիս Քիւրթիւքեան, ժողովականներ մեթր Մակի Սեմէրճեան, տիար Զարեհ Արոյեան եւ Լաթաքիայէն ժամանած ծովեզերեայ շրջանի ազգ. երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչ տիար Աւետիս Կարպուշեան, Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ տիար Յարութ Գաբրիէլեան, թաղական խորհուրդի ատենապետ բժշկ. Մինաս Պալեան եւ խորհուրդի խորհրդական անդամ տիար Սարգիս Քէչէճեան։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց Գերշ. Սրբազան հայրը, Թարթուսի Յոյն ուղղափառ համայնքի Մար Տանիալ եկեղեցիէն ներս։ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեանը։ Ս. սեղանին սպասարկեցին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սարկաւագներ բարշ. Փօլ սարկաւագ եւ Դանիէլ սարկաւագ։
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Թարթուսի դպրաց դասը։

Առաջնորդ սրբազանը օրուան հոգեւոր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, մեկնելով շաբաթը յատկանշող Ս. Յովնան մարգարէի, Ս. Սարգիս զօրավարի եւ Առաջաւորաց պահքի եռեակ կարեւոր երեւոյթներէն եւ շեշտակիօրէն անդրադարձաւ այդ երեւոյթներէն եկող հոգեւոր եւ բարոյական ուսուցումներուն, հրաւիրելով հաւատացեալները Ս. Յովնան մարգարէի եւ Ս. Սարգիս զօրավարի կեանքի եւ վկայութեան ճամբով մեզի փոխանցուող հոգեւոր ու բարոյական ուսուցումներու լոյսին տակ, իւրաքանչիւրս որպէս Աստուծոյ կողմէ յատուկ առաքելութեան եւ կոչումի տէր անձեր՝ ապրելու, գործելու եւ վկայելու այն շրջագիծին մէջ, ուր կը գտնուինք, միշտ մեր կեանքը աստուածահաճ հասկացողութեամբ ապրելով, որպէսզի թէ՛ Աստուծոյ կամքը կատարենք, թէ՛ Աստուած փառաւորուի եւ թէ՛ Աստուած մեզ փառաւորէ, որովհետեւ ի վերջոյ մեր կեանքին նպատակը այդ է, ամէն իմաստով Աստուծոյ բարի կամքը կատարել, որպէսզի մեր ներկայութիւնը որպէս Աստուծոյ կողմէ աշխարհ ղրկուած առաքեալներ, կոչումի տէր անձեր եւ Աստուծոյ ներկայացուցիչներ, օրհնութիւն եւ բարիք դառնայ եւ Աստուծոյ գործող ձեռքը եւ ներկայութիւնը հանդիսանանք այն միջավայրին մէջ, ուր կ՚ապրինք եւ կը գործենք։

Նաեւ դիտել տուաւ, որ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօրուան մեղսալից աշխարհին բերած բոլոր տեսակի գայթակղեցուցիչ հրապոյրները մարդը դէպի կորուստ կ՚առաջնորդեն։ Ան շեշտեց Տիրոջ կամքը կատարելու կարեւորութիւնը՝ ապաշխարութեան ճամբով Աստուծոյ դառնալու եւ վայելելու Տիրոջ մեծ սէրն ու ողորմութիւնը մարդ արարածին հանդէպ, որովհետեւ Տէրը տարբեր միջոցներով, ձեւերով եւ պայմաններով կ՚ուզէ իր ստեղծած մարդուն փրկութիւնը։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք Սրբազան հայրը մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն հետ, եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։ ԱրԺ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան խօսք առնելով, անձնապէս եւ ներկայ հաւատացեալներուն անունով բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, ապա ներկաներուն կողմէ մատուցուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր եւ հնչեցին ուրախութեան, երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան խօսքեր։
Ապա խօսք արտասանեց Ազգ. վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը որպէս եզրափակիչ խօսք գնահատանքի իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն, խրախուսելով, գօտեպնդելով եւ քաջալերելով, որ նոյն հոգիով եւ նոյն կառչածութեամբ մեր եկեղեցւոյ, ազգին եւ մշակութային արժէքներուն նկատմամբ, առաւել մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ շարունակեն իրենց կեանքը, վստահեցնելով, որ ամէն իմաստով պատրաստ ենք օգտակար դառնալու եւ նեցուկ կանգնելու թարթուսահայութեան եւ պանիասահայութեան։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ սրբազան հայրը այցելեց Թարթուսի Հայ կեդրոն, ուր յատուկ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն թաղականութեան հետ՝ լսելու իրենց առաջարկները, մօտէն ծանօթանալու իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ յարմար լուծումներու մասին խորհրդակցելու։