Տեղական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Իտլիպի արուարձաններուն մէջ գործող սուրիական բանակի միաւորներ երէկ առաւօտեան ծանր հրետանիով եւ հրթիռներով հարուածներ հասցուցին ահաբեկչական խմբաւորումներու դիրքերուն Ճեպէլ Զաուիէի Ֆթիրա, Սեֆաուհէն, Քանսաֆրա եւ Տէր Սունպուլ գիւղերու շրջակայքը։

Աղբիւրները աւելցնելով ըսին, որ «Նուսրա»-ի հովանաւորութիւնը վայելող «Ալ-Ֆաթհ ալ-Մուպին»-ի գործողութիւններ կոչեցեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ նախորդ կէսգիշերին կրակած էին Իտլիպի հարաւային արուարձաններու սուրիական զինուորական դիրքերու ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով երկու զինուոր նահատակուած էր։ Սուրիական բանակի միաւորներ հակադարձելով հրթիռակոծած են ահաբեկիչներու դիրքերը՝ մեծ վնասներ հասցնելով անոնց շարքերուն։