Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ սուրիական բանակի եւ զինեալ ուժերու մէջ ապահովական մարմիններու ղեկավարներու հետ նիստ մը գումարեց։

Նիստին ներկայ էին նաեւ ազգային անվտանգութեան գրասենեակի նախագահը եւ Սուրիոյ Նախագահութեան ընդհ. քարտուղարութեան ապահովական հարցերու խորհրդատուն։
Նիստը կեդրոնացաւ ապահովական մարմիններու աշխատանքին հետեւանքներուն վրայ եւ շեշտեց անոնց գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչ որ ապահովական ուժերու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի տարողութիւնը պիտի ընդլայնէ։
Նախագահ Ասատ շեշտեց ապահովական մարմիններուն ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու դերը, յայտնելով, որ քաղաքացին եւ անոր անվտանգութիւնը ապահովական մարմիններուն բարձրագոյն մարտահրաւէրներն են։