ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է, որ Թեհրանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան վերահաստատած են Հայաստան-Թուրքիա սահմանի՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անձնագիր կրողներուն համար բանալու պայմանաւորուածութիւնը, սակայն այս գծով մինչեւ այսօր արդիւնք չկայ։

«Քննարկումի առարկայ եղած է եւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է այն մասին, որ ցամաքային սահմանը բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ այն քաղաքացիներուն համար, որոնք ունին դիւանագիտական անձնագիրեր։ Նաեւ այս պայմանաւորուածութիւնը մենք վերահաստատած ենք նախարար Ֆիտանի հետ 23 Հոկտեմբերին Թեհրանի մէջ։ Ինչպէս կրնաք տեսնել, մինչ օրս շօշափելի եւ առարկայական քայլեր այս ուղղութեամբ կամ չեն կատարուած, կամ վերջնական արդււնք չկայ։ Այդ սահմանը նշուած խումբի մարդոց համար բաց չէ», ըսաւ Միրզոյեան։
Նախարարը նշեց, որ երկու կողմէն եղած է ենթակառուցուածքներու ուսումնասիրութիւն՝ անցակէտերու, ճանապարհներու, կամուրջի մասով, սակայն սահմանը կը շարունակէ մնալ փակ։