Ի աջակցութիւն Արցախի՝ Եւրոպական տասնչորս երկիրներու աւելի քան յիսուն քաղաքներուն մէջ տեղի կ’ունենան տարբեր միջոցառումներ, մասնաւորապէս՝ Աւստրիոյ, Պելճիքայի Պուլկարիոյ, Կիպրոսի, Չեխիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Յունաստանի, Ռոմանիոյ, Սպանիոյ, Շուէտի, Զուիցերիոյ, Հոլանտայի եւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ։
Եւրոպայի հայութիւնը, ինչպէս նաեւ տասնեակ եւրոպական կազմակերպութիւններ, 27_28 Յունուարին հաւաքներու եւ զանազան այլ գործողութիւններու միջոցով իրենց ազգային կառավարութիւնները, ինչպէս նաեւ համաեւրոպական ղեկավար կառոյցները պիտի յորդորեն.
1. Յստակօրէն դատապարտել Արցախի հայութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէն կիրառուած ցեղային զտումները եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը։
2. Անհատական պատժամիջոցներ սահմանել Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ, որ պատասխանատու է Լաչինի միջանցքի անօրինական շրջափակման, հրադադարի խախտումներուն, 19_20 Սեպտեմբերի յարձակումին եւ Արցախի մէջ իրականացած ցեղային զտումին։
3. Օգտագործել առկայ բոլոր լծակները՝ ստիպելու Ատրպէյճանը անյապաղօրէն եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու 27 Սեպտեմբեր 2020_էն ձերբակալուած բոլոր հայ ռազմագերիները, քաղաքացիական պատանդները, ինչպէս նաեւ Սեպտեմբեր 2023_էն ի վեր առեւանգուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները։
4. Նպաստել շօշափելի միջազգային անվտանգային երաշխիքներու տրամադրումին` արցախահայութեան հնարաւորութիւն տալով օգտուելու հայրենիք վերադառնալու անքակտելի իրաւունքէն, Արցախին տրամադրել միջազգայնօրէն երաշխաւորուած ինքնակառավարման կարգավիճակ։
5. Արդիւնաւէտ ճնշում գործադրել Ատրպէյճանին վրայ՝ բացառելու Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ յարձակումի որեւէ դրսեւորում եւ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը վտանգող որեւէ գործողութիւն։
6. Հայաստանին տրամադրել համապատասխան օգնութիւն՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան կարիքները պատշաճ կերպով հոգալու համար: