27 եւ 28 Յունուարին, եւրոպական աւելի քան 50 քաղաքներու մէջ արցախահայութեան իրաւունքներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան պաշտպանութեան պահանջով տեղի պիտի ունենան հանրահաւաքներ;
Վրաստանի հայ համայնքէն կը տեղեկանցնեն, որ Թիֆլիսի մէջ ցոյցը տեղի պիտի ունենայ 28 Յունուարին, ժամը` 14:30-ին Եւրոմիութեան ներկայացուցչութեան գրասենեակին դիմաց հետեւեալ պահանջներով`
_Պաշտպանել արցախահայութեան իրաւունքները
_Ազատ արձակել հայ ռազմագերիները եւ պատանդները
_Պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը
_Պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանին դէմ։