Յունական «Tanea» թերթը գրել է, որ Թուրքիա պատմական վրէժ կը լուծէ «զարգացման ուղի» նախագիծին միջոցով, որ կը սկսի Պարսից ծոցէն եւ կը տարածուի մինչեւ Եւրոպա՝ Կարմիր ծովու կարեւոր նեղուցներուն բնականոն գործունէութիւնը խափանած յարձակումներէն ետք:
«Զարգացման ուղի» նախագիծը, որ Թուրքիոյ նախագահին կողմէ կը նկարագրուի որպէս «նոր մետաքսի ճանապարհ», կ’ողջունուի որպէս աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան կարեւոր քայլ Կարմիր ծովու հիմնական նեղուցները կաթուածահար դարձուցած յարձակումներէն ետք:
«Աշխարհաքաղաքական տոմինոյի քարեր» վերնագիրով հրապարակուած վերլուծութեան մէջ յոյն փրոֆէսոր Աթանասիոս Պլատիաս միջանցքային պատերազմներու շրջագիծին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Թուրքիոյ դիրքերու ամրապնդման վրայ:
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ «զարգացման ուղի» նախագիծը, որ կ’երկարի Պարսից ծոցի Ֆաու նաւահանգիստէն Իրաքի Պասրա նաւահանգիստով մինչեւ Իսթանպուլ, ապա Պուլկարիոյ մէջէն մինչեւ Եւրոպա, արդէն սկսած է իրագործուիլ Իրանի կողմէ աջակցութիւն ստացող հութիներուն յարձակումներէն ետք:
Վերլուծութեան մէջ, որ կը յիշեցնէ 1869-ի Սուէզի ջրանցքին բացումը եւ Թուրքիայով անցնող Մետաքսի ճանապարհի դերին եւ նշանակութեան թուլացումը, կ’ըսուի. «Թուրքիա հիմա պատմական վրէժ կը լուծէ Սուէզի ջրանցքի կարեւորութեան նուազեցման միջոցով»։