Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան  24 Յունուարին Թուրքիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:
Երկու առաջնորդները քննարկեցին շարք մը հարցեր առեւտուրի, մշակոյթի, գիտութեան եւ այլ ոլորտներու վերաբերեալ, որոնց շուրջ ձեռք բերուեցաւ շուրջ 10 համաձայնագիր:
Համաձայնագրերը պիտի կնքուին Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակի գործակցութեան 8-րդ հանդիպումին ընթացքին:
Օրերս Անգարայի մէջ հանդիպում պիտի գոյանայ նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Փութին-էրտողան հանդիպումի օրակարգը պիտի առնչուի ռուս-ուքրանական պատերազմին, Պաղեստինի Կազզայի հատուածին մէջ տիրող իրավիճակին եւ Կարմիր ծովուն մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն: