10 Յունուար 2024-ին, Պաքուի բռնակալ Իլհամ Ալիեւ 2,5 ժամ տեւողութեամբ մամլոյ ասուլիս տուաւ ատրպէյճանցի լրագրողներուն եւ այդ ընթացքին ոչ միայն իր հերթական սուտերը օդը նետեց, այլեւ սպառնաց նոյնինքն Հայաստանի գոյութեան։ Ահա՛ 2020 եւ 2023 թուականներու արցախեան պատերազմներու ընթացքին ռազմական յաղթանակներով ոգեւորուած Ալիեւի չափազանց ամբարտաւան եւ ահազանգող  խօսքերու ուշագրաւ կէտերը։
Սկսինք անկէ, որ Ալիեւ յայտարարեց՝ «այսօրուան Ատրպէյճանը, բառիս բուն իմաստով, աշխարհի ամենաուժեղ երկիրներէն մէկն է»։ Սուտ է։ Ըստ globalfirepower.com կայքի՝ 2024 թուականի դրութեամբ, Ատրպէյճանի զինուժը աշխարհի մէջ կը գրաւէ 59-րդ դիրքը։ Ասիկա շատ հեռու է աշխարհի ամենաուժեղ երկիրներէն մէկը ըլլալէն։ Եթէ 2020-ի արցախեան պատերազմի ժամանակ չըլլային թուրք հրամանատարներու կողմէ ատրպէյճանական զինուժի անմիջական վերահսկողութիւնը եւ Սուրիայէն բերուած վարձկան ահաբեկիչները, Ատրպէյճան չէր կրնար յաղթել Արցախին։ Ալիեւ իր ասուլիսի ընթացքին խոստովանեցաւ, որ 2020-ի պատերազմին Ատրպէյճան վայելած է Թուրքիոյ ամբողջական աջակցութիւնը։
Ալիեւ արդարացուց Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու լուրջ խախտումները, նոյնիսկ արցախահայութեան ցեղասպանութիւնը՝ ըսելով. «Ես բազմիցս ըսած եմ, որ միջազգային իրաւունքը չի գործեր։ Այդ մեքանիզմները կը կիրարկուին միայն աւելի թոյլ երկիրներու համար։ Խոշոր պետութիւնները կ’անտեսեն զանոնք։ Իրենց համար օրէնքը օրէնք չէ, միջազգային իրաւունքը օրէնք չէ։ Նման պայմաններու մէջ, այն երկիրները, որոնք  արդարութիւն կը պահանջեն, եւ արդարացիօրէն այդպէս է, պէտք է որ իրենք ապահովեն այդ արդարութիւնը»:
Ալիեւ խոստովանեցաւ այն դժուարութիւնները, որոնց բախած են Ատրպէյճանի զինուած ուժերը 2020-ի պատերազմին. «Եթէ պատերազմը շարունակուէր (10 Նոյեմբեր 2020-էն ետք), շատ դժուար կ’ըլլար ազատագրել Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջանները, յատկապէս ձմրան եղանակին։ Այսուամենայնիւ, մենք այդ ալ կ’ընէինք, բայց մեր կորուստները կրնային չափազանց մեծ ըլլալ, նոյնիսկ աւելին, քան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ինկածները: Մենք բոլորս այս մէկը լաւ գիտէինք, որովհետեւ նոյնիսկ հիմա որեւէ մէկը, որ կ’այցելէ այդ շրջանները, կրնայ տեսնել, թէ որքան դժուարանցանելի է այդ հողատարածքը: Սակայն, եթէ Հայաստան չստորագրէր անձնատուութեան համաձայնագիրը, մենք պատերազմը պիտի շարունակէինք մինչեւ վերջ»։
Ալիեւի յաջորդ սուտը այն է, որ 2020-ի պատերազմէն ետք Հայաստան «ապօրինի զէնք, զինամթերք, ականներ եւ կենդանի ուժ կը տեղափոխէր Ղարաբաղ»։ Նման բան երբեք տեղի չէ ունեցած: Ալիեւ այդ օգտագործած է իբրեւ պատրուակ՝ Արցախի վրայ յարձակելու համար։
Ատրպէյճանի նախագահը բացայայտեց, որ 19 Սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումէն առաջ, «տեղւոյն հայերէն ոմանք կապուած են մեր ներկայացուցիչներուն հետ եւ առաջարկներ ըրած շփումներու մասին, եւ մենք չենք մերժած»։ Թշնամիին հետ գաղտնի կապ հաստատած որեւէ հայ պէտք է դաւաճան նկատուի:
Այնուհետեւ Ալիեւ կարեւոր այլ խոստովանութիւն մը ըրաւ։ Ան ըսաւ, որ 19 Սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի վրայ յարձակման ժամանակ «եթէ անոնք (արցախահայերը) չյանձնուէին՝ կ’ոչնչացուէին։ Այլ տարբերակ չկար»։ Ալիեւ այսպիսով կը հաստատէ, որ Արցախի ղեկավարներուն այլ ելք չէր մնացած, քան յանձնուիլը՝ 120 հազար արցախահայերու կեանքը փրկելու համար։
Ալիեւ հաստատեց, որ ծրագրած էր Արցախի ղեկավարներու ձերբակալութիւնը, որոնք այժմ կը գտնուին Պաքուի բանտը. «մեր դիրքորոշումը անջատողականներու ղեկավարներու նկատմամբ մէկ էր՝ անոնց գերեվարումը։ Անոնցմէ ոմանք փորձած են փախչիլ հոնկէ՝  Լաչինի ճամբով, միւսները գտնուած են Խանքենտի մէջ (Ստեփանակերտ) եւ ուրիշ վայրեր։ Մենք գիտէինք անոնց գտնուած վայրերը»: Ան աւելցուց, որ «այդ խումբէն միայն երկու մարդ բացակայ է, անոնք Երեւան են»։ Ալիեւ նկատի ունէր Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգսեանը։
Ալիեւ բացայայտեց, որ անձամբ զգուշացուցած է Նիկոլ Փաշինեանը 19 Սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի վրայ ատրպէյճանական մօտալուտ  յարձակումէ. «Ես թէ՛ Հայաստանի ղեկավարութեան, թէ՛ միջազգային դերակատարներուն ըսած եմ, որ կրնամ սեղմել կոճակը եւ կատարել այդ գործողութիւնը մէկ վայրկեանի մէջ, եւ իրենք ոչինչ կրնան ընել»։
Ալիեւ նաեւ իր զայրոյթը արտայայտեց՝ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանի ցուցաբերուած աջակցութեան գծով, դատապարտեց առաջինին գաղութային անցեալը եւ պնդեց, որ իբր թէ Փարիզ ցեղասպանութիւն իրականացուցած է 1,5 միլիոն ալճերացիներու դէմ։ Ան նաեւ ծաղրեց վերջերս Հայաստանի կողմէ ֆրանսական զրահափոխադրիչներու ձեռքբերումը՝ զանոնք անուանելով «թիթեղեայ տուփեր», որոնք «իրական սպառնալիք չեն մեզի համար»։
Ալիեւ նաեւ մերժեց Փաշինեանի վերջին նախաձեռնութիւնը՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկը», որ կ’ենթադրէ իրարու կապել Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Թուրքիան, Վրաստանը եւ Իրանը։ Ալիեւ ըսաւ, որ այս միայն PR արշաւ է, որ նպատակ ունի փոխարինել իր նախընտրած «Զանգեզուրի միջանցք»-ը: Անտեսելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը՝ Ալիեւ պնդեց, որ Հայաստան պէտք է թոյլ տայ ատրպէյճանական բեռներու անցման՝ Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան Մեղրիով՝ առանց որեւէ ստուգման կամ մաքսազերծման։ Այլապէս, զգուշացուց Ալիեւ, Ատրպէյճան կը շարունակէ Հայաստանի շրջափակումը։
Ատրպէյճանի նախագահը յոխորտաց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցուող «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ին մէջ այլեւս որեւէ յիշատակում չկայ Ղարաբաղի մասին։
Ալիեւ մերժեց Փաշինեանի առաջարկը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխադարձ սահմանը 1975 թուականի խորհրդային քարտէզներու հիման վրայ որոշելու՝ նախընտրելով աւելի հին քարտէզներ, որոնք, ըստ անոր, շատ աւելի տարածքներ կու տան Ատրպէյճանի։ Ան նաեւ յիշատակեց այն ծիծաղելի միտքը, որ «Իրեւանը» (Երեւանը) ատրպէյճանական հին քաղաք է։ Ալիեւ նաեւ յայտարարեց, որ կան ատրպէյճանական ութ գիւղեր, որոնք կը գտնուին Հայաստանի տարածքին մէջ։ Կարեւորը այն է, որ Ալիեւ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան դուրս պիտի չբերէ իր զինուժը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի այն հատուածներէն, զորս բռնագրաւած է Մայիս 2021-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2022: Ան առաջարկեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել հի՛մա՝ սահմանի որոշման հարցը ձգելով ապագային։
Բախելով Ալիեւի պէս ամբարտաւան եւ ռազմատենչ ղեկավարի՝ Փաշինեան պէտք է դադրի խաղաղութիւն մուրալէ, ինչ որ թուլութեան նշան է, եւ որ Ատրպէյճանին կու տայ կարելիութիւն՝ աւելի շատ զիջումներ պահանջելու Հայաստանէն։ Հայաստանի գլխաւոր երկու առաջնահերթութիւնները պէտք է ըլլան ձեռնհաս ղեկավար եւ հզօր բանակ ունենալը, որպէսզի կարելի ըլլայ  իր երկու թշնամիներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սպառնալիքները կանխել։
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան