Առաջաւորաց Պահքը հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ: Ըստ պատմագրութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Տրդատ թագաւորին ու արքունի աւագանիին կը թելադրէ հինգ օր ծոմ պահել՝ մկրտութեան խորհուրդը ստանալէ առաջ: Տրդատ թագաւոր եւ իր նախարարները, հետեւելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի թելադրութեան, հինգ օր ծոմ կը պահեն եւ կ’ազատին դեւերէն ու մարմնաւոր ախտերէն: Այս իսկ պատճառով, սկզբնական շրջանին, Առաջաւորաց պահքը կը կոչէին «փրկութեան պահք»:
Այդ հինգ օրերուն, ժողովուրդը իր թագաւորին հետ ո՛չ միայն ինքզինք զրկած էր կերակուրներէն, այն ինչպէս պէտք է, հոգեւոր խիստ պահեցողութեամբ մեծապէս կը զղջար իր նախկին հեթանոսական, ամբարոյ կեանքի բոլոր մեղքերուն համար, ամէն տեսակ օրինազանցութիւններուն համար, մանաւանդ հայոց թագաւորը՝ Տրդատ եւ մեծամեծները, որոնք Քրիստոսի հաւատքի պատճառով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը բազմաթիւ տանջանքներու, չարչարանքներու ենթարկելէ յետոյ օձերով լեցուն եւ մութ, խաւար խոր փոսը՝ վիրապն էին թողած, իսկ Հռիփսիմեան կոյսերը՝ չարչարելով սպանած։
Այս պայմաններուն  ներքեւ հաստատուած է Առաջաւորաց Պահքը կամ Առաջաւորքը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին պահքը՝ որով եւ կը բացատրուի իր անունը՝ «Առաջաւորաց»։
Առաջաւորաց պահքը կը սկսի Քառասնորդաց պահքէն (Մեծ պահքէն) երեք շաբաթ առաջ, Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնին նախորդող երկուշաբթի օրէն, յատուկ է միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ կը տեւէ հինգ օր։
Նկատի ունենալով ծոմապահութեան խիստ պայմանները, ներկայիս Առաջաւորացը կը պահուի միայն երեք օր:
Առաջաւորաց պահքի ընթացքին, եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ չի մատուցուիր եւ Ս. Գիրքի ձայնաւոր ընթերցում չի կատարուիր:
Միջնադարուն, Առաջաւորաց պահքը թիւրիմացաբար կապակցուած էր Ս. Սարգիս զօրավարի տօնին հետ։ Այս պատճառով ալ ներկայիս տակաւին կը կոչուի Ս. Սարգիսի պահք՝ թէեւ Առաջաւորաց պահքը առնչութիւն մը չունի Ս. Սարգիսի յիշատակութեան հետ:
Առաջաւորաց Պահքի վերջին՝ Ուրբաթ օրը, Յովնան մարգարէի (Ն. Ք. 8-րդ դար) յիշատակի օրն է, եւ Եկեղեցին կը կարդայ անոր գիրքը, ուր նոյնպէս կը խօսուի պահքի եւ ապաշխարութեան մասին. «Թագաւորի եւ անոր մեծամեծներու կողմէ Նինուէի մէջ յայտարարուեցաւ, եւ ազդարարուեցաւ, թէ մարդ եւ անասուն, հօտ եւ արջառ թող ոչինչ ուտեն, չճարակեն եւ ջուր չխմեն։ Եւ մարդ եւ անասուն քուրձ հագած, ի սրտէ աղօթեցին Աստուծոյ, բոլորը ետ կանգնեցին իրենց չար ճանապարհներէն եւ անօրէնութիւններէն՝ որ իրենց ձեռքով կը կատարուէին…» (ՅՈՎՆ. Գ 7-8)։