Տակաւ առ տակաւ կը սկսիս մահանալ
Եթէ մերթ ընդ մերթ չուզես ճամբորդել
Չուզես ընթերցել
Կեանքի երաժշտութիւնը սրտով ունկնդրել
Ու այդ բոլորին մէջ ինքնզինքդ գտնել։Տակաւ առ տակաւ կը սկսիս շիջիլ
Եթէ ոտնակոխ դարձնես վարկդ սեփական
Ու փակես դռները ամէն օգնութեան։

Տակաւ առ տակաւ կը սկսիս հիւծիլ
Եթէ սովորութիւններուդ լուռ գերին դառնաս
Ու ամէն պայծառ օր նոյն ճամբան բռնես
Վարժութիւններուդ հաւատարիմ ծառան մնաս
Կեանքդ նոր երանգներով չգունաւորես
Ու անծանօթի մը հետ խօսիլ իսկ չփորձես։

Տակաւ առ տակաւ կը սկսիս մահանալ
Եթէ կոպտօրէն վանես տարփանքը սրտիդ
Հրայրքը հոգւոյդ
Ու թոյլ չտաս որ աչքերդ շողան յոյզերով
Ու սիրտդ տրոփէ կաթոգին սիրով։

Տակաւ առ տակաւ կը սկսիս հիւծիլ
Եթէ յարմարիս տհաճ գործին, անհրապոյր սիրոյն
Ու մնաս անծանօթ՝ անորոշը պարզող,
Երազներդ փնտռող արկածախնդրութեան
Եթէ կեանքիդ մէջ անգամ մ՛իսկ չյանդգնիս
Ընդդիմանալ յորդորին
Եւ ընտրել քու ուղին։

Փապլօ Ներուտօ
Անգլերէնէ թարգմանեց 
Զարմիկ Պօղիկեան