ՄԱՐՄԻՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԱՔՐԵԼ ԲՈՅՍԵՐՈՎ ԵՒ ՊՏՈՒՂՆԵՐՈՎ

Մարմինը պարբերաբար թունաւոր նիւթերէն կամ աւելորդ ճարպերէն մաքրելու համար կարելի է օգտագործել հետեւեալները.
1- Խնձոր եւ կասիա
Մէկ խնձոր մաքրել եւ բարակ շերտերու վերածել զայն, անոր  աւելցնել 500 մլ. մաքուր ջուր, 1թէյի դգալ փոշի կասիա, եռացնել, պաղեցնել եւ օգտագործել ամբողջ օրուան ընթացքին: Խնձորին փոշի կասիային համադրութիւնը կը նպաստէ մեր մարսողական համակարգի մաքրութեան:
2- Կիտրոնի հիւթ եւ մեղր
Երկու թարմ քամուած կիտրոնի հիւթը խառնել 200 մլ. տաք ջուրին, աւելցնել 1 թէյի դգալ բնական մեղր, մէկ պտղունց քաշուած կոճապղպեղ:  Նախաճաշէն կէս ժամ առաջ խմել զայն: Այս հեղուկը կ’օգնէ մարսողական համակարգի մաքրութեան, կը զօրացնէ մեր երակներուն պատերը եւ ջերմուժ կը հաղորդէ մարմինին:
3- Կոճապղպեղով Հիւթ 
Թարմ կոճապղպեղը մաքրել, մանր-մանր կտրտել զայն, վրան աւելցնել վրան 1 լիթր տաք ջուր եւ եռացնել 10 վայրկեան: Ապա քամել եւ պաղելէն ետք վրան աւելցնել մէկ պտղունց փոշի կասիա:
Օգտագործել զայն օրուան ընթացքին ուտելէն կէս ժամ առաջ: Այս հիւթը մարսողական համակարգին վրայ դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ:
4- Ճակնդեղով հիւթ
Օգտագործել 1 ճակնդեղ, 2 խնձոր  եւ 1 ստեպղին։
Այս երեքը հում վիճակով  քամել եւ ստացուած հիւթը օգտագործել օրական 2 անգամ՝ առաւօտեան եւ երեկոյեան, ուտելէն կէս ժամ առաջ:
Եղէ՛ք առողջ եւ կայտառ։
***
Խոհագիր 
————-  

ՊԱՆԻՐՈՎ ԵՒ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՈՎ ԽՄՈՐԵՂԷՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Բաղադրութիւն
4 գաւաթ ալիւր
1 տրցակ թթխմոր
1/2 թէյի դգալ աղ
2 ճաշի դգալ շաքար
Փոքր գաւաթ մը հեղուկ կաթ, եթէ չունիք զայն կրնաք փոխարինել 2 ճաշի դգալ փոշի կաթով:
1/4 գաւաթ բուսական իւղ
1 գաւաթ տաք ջուր
Պատրաստութիւն
Նախ կը խառնենք չոր բաղադրիչները, ետքը կ’աւելցնենք հեղուկ կաթը, որ պէտք է տաք ըլլայ, ետքը ըստ խմորի կարիքին կամաց-կամաց կ’աւելցնենք մէկ գաւաթ ջուրը:
Խմորը կը  փափուկցնենք եւ լաւ մը բուսաիւղով կը շաղենք:
Կը ծածկենք զայն եւ կը ձգենք, որ մէկ ժամ հանգչի՝ մինչեւ որ չափը կրկնապատկուի:
Այս խմորը կրնանք օգտագործել պանիրով, միսով կամ զանազան տեսակի բանջարեղէնով պէօրէկներ պատրաստելու համար։
***

ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ՅԱՋՈՂ ԽՄՈՐ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

-Տաք ջուրը մի՛ աւելցնէք խմորին վրայ, քանի որ ան կը սպանէ թթխմորը:
-Խմորը  պէտք է լաւապէս հանգչի, որպէսզի դիւրին կառավարուի: Սկիզբը պէտք է աւելցնել չոր բաղադրիչները, ապա՝ հեղուկ կաթը, ինչ որ կ’օգնէ որ խմորը ըլլայ կակուղ եւ փափուկ:
-Երբ կարկանդակները փուռէն հանենք, երկու վայրկեան զանոնք անձեռոցով կամ մաքուր կտորով մը ծածկենք, որպէսզի անոնք փափուկ մնան:
-Կարկանդակները փափուկ պահելու համար, փուռէն հանելէն ետք քիչ մը հալած կարագ քսենք անոնց վրայ:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան