ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՄԱՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ԿԵՆՑԱՂԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Շատեր կենցաղավարական կանոնները կարեւոր չեն համարեր, սակայն երբեմն, որպէս հրաւիրեալ, անտեղեակ ըլլալով, զորօրինակ, սեղանի շուրջ նստելու կենցաղավարական տարրական կանոններուն, անյարմար կացութիւններու մէջ կրնաք յայտնուիլ։ Ուստի հարկ է իմանալ գէթ քանի մը հիմնական կանոն այս առումով։
Հրաւիրեալներու Դիմաւորում
-Եթէ մարդիկ ձեզ իրենց տուն հրաւիրեն, հարկ է ներկայանալ ճիշդ ժամուն, կամ ժամադրութենէն 10-15 վայրկեան առաջ: Ուշացումը, ընդհանրապէս, կը համարուի անքաղաքավար արարք: Տեւաբար ուշացող մարդը ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնէ իր շրջապատին յարգանքը:
-Հիւր ընդունողները  հիւրերուն կը սպասեն 15 վայրկեան:
-Սովորաբար տանտէրները կ’ընդունին հիւրերը եւ կ’օգնեն, որ անոնք հանեն իրենց վերարկուները, ապա զիրենք կը հրաւիրեն հիւրասենեակ:
-Եթէ ուշացած էք, տանտիրոջ բարեւելէ ետք ներողութիւն խնդրեցէ՛ք ձեր ուշացումին համար:
Ճաշի Սեղանին Շուրջ
Եթէ ճաշի հրաւիրուիք, յարգեցէ՛ք հետեւեալ օրէնքները.
-Սեղանին մօտեցէ՛ք տանտիկնոջ հրաւերէն ետք: Սեղանին շուրջ նախ կանայք, ապա տղամարդիկ կը նստին։
– Տղամարդիկ ճաշի սեղանին մօտենալով նախ պէտք է կանանց աթոռը ետեւ առնեն եւ օգնեն, որ անոնք տեղաւորուին։
-Հիւրերը տեղաւորելու ընթացքին տանտիկինը հարկ է որ նախօրօք ճշդած ըլլայ իւրաքանչիւրին տեղը, երէցները նախընտրելի է ուղղել սեղանին գլուխը։
-Տանտիկինը սովորաբար կը նստի այնպիսի տեղ մը, ուրկէ կարելի ըլլայ ի հարկին խոհանոց ուղղուիլը, իսկ տանտէրը կը նստի անոր դիմացը՝ սեղանին միւս կողմը:
-Ընդունուած է տօնական սեղանի շուրջ նստեցնել նաեւ մանուկները, սակայն անոնք պէտք է հետեւին որոշ կանոններու։ Հետեւաբար լաւ կ’ըլլայ թելադրել անոնց, որ առաջին անգամ չվերցնեն իրենց ուտելիքը եւ բացատրել կենցաղավարական որոշ կանոններ, ինչպէս օրինակ ծամել կամ հեղուկը խմել առանց բերնին ձայնը լսելի դարձնելու, դանակն ու պատառաքաղը ճիշդ ձեւով օգտագործել եւ այլն։
-Սեղանին շուրջ տանտէրը պէտք է ստեղծէ դրական մթնոլորտ:
-Տանտիկինը պէտք չէ յաճախակիօրէն խոհանոց ուղղուի:
-Հիւրասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ սեղանը, նախօրօք պատրաստ պէտք է ըլլան։ Անյարմար է ճաշէն անմիջապէս ետք ամաններ լուալ, եթէ հիւրերը չեն մեկնած տակաւին։ Այս աշխատանքը նախընտրելի է յետաձգել։
-Հիւրերու ներկայութեան թելադրելի է հեռաձայն չօգտագործել։
-Տանտէրները հիւրերէն իւրաքանչիւրը առանձնայատուկ ուշադրութեան պէտք է արժանացնեն: Եթէ տհաճ վիճակ ստեղծուի պիտի հարթեն եւ բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծեն:
-Տանտէրը պէտք չէ ճաշը առաջին աւարտողը ըլլայ:
-Սեղանին շուրջ պէտք է շիտակ նստիլ, աջ կամ ձախ չթեքիլ:
-Արմուկները պէտք չէ սեղանին վրայ պահել, որպէսզի կողքդ նստողները չխանգարուին:
-Թաշկինակները պէտք է դնել ծունկին վրայ, իսկ բերանը սրբելու պարագային թաշկինակը նրբօրէն ոլորել ցուցամատին շուրջ եւ բերնին անկիւնները սրբել:
-Ձեռքերը եւ բերանը կարելի է սրբել նաեւ սեղանին վրայ տեղադրուած թուղթէ թաշկինակներով, իսկ մանուկներուն թաշկինակները նախընտրելի է կախել իրենց օձիքէն:
-Ուտելէ ետք թաշկինակը պէտք է դնել սեղանին վրայ:
– Եթէ դանակը կամ պատառաքաղը գետին իյնան, վերցնելով մի՛ օգտագործէք զանոնք, այլ նորերը խնդրեցէ՛ք:
-Ուտելու ընթացքին դանակը պահեցէ՛ք աջ ձեռքին մէջ, իսկ պատառաքաղը՝ ձախին:
-Մի՛ փչէք շատ տաք ապուրին կամ ըմպելիքին վրայ՝ զանոնք պաղեցնելու համար: Ուտելու ընթացքին ձայն մի՛ հանէք: Ընդհանուր պնակէն նախ մի՛ վերցնէք ամենալաւ կտորը, այլ՝ ձեզի ամենամօտը:
-Եթէ ժամանակաւորապէս դադրիք ուտելէ, դանակն ու պատառաքաղը դրէք այնպէս, ինչպէս բռնած էիք: Եթէ դանակն ու պատառաքաղը իրարու զուգահեռ դնէք, այս մէկը կը նշանակէ որ դուք ճաշը աւարտած էք, հետեւաբար կրնան ձեր պնակը վերցնել:
-Սեղանին շուրջ ծխելը տհաճ երեւոյթ է։
-Նախքան սեղանէն ելլելը, անպայման տանտիկնոջ շնորհակալութիւն յայտնեցէ՛ք՝ համեղ հիւրասիրութեան եւ հաճելի ժամերուն համար:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան