ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի տղաքը շարունակելով իրենց յաղթական երթը յաջողեցան արձանագրել հերթական  6-րդ յաղթանակը պարտութեան մատնելով ՀԵԸ-ը՝ 58 – 69 արդիւնքով: ՀՄԸՄ գրաւեց աղիւսակի առաջին դիրքը, որուն շնորհիւ յաջորդ փուլին ան մրցակից պիտի ունենայ հարաւային շրջանի 4-րդ դիրքը գրաւող Ճարամանան:
-Ասիոյ ախոյեանութեան մրցումներու շրջագիծին մէջ, Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանը եւ փոխանցուեցաւ յաջորդ փուլ: Սուրիոյ  միակ կոլը նշանակեց Օմար Խրէյպին: Աւելցնենք, որ պատմութեան մէջ ասիկա առաջին  անգամն է, որ Սուրիոյ հաւաքականը կը յաջողի փոխանցուիլ երկրորդ փուլ:
-Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան Ա. դասակարգի մրցումներուն, Հալէպի Ահլին 79 – 75 արդիւնքով Հոմսի մէջ պարտութեան մատնուեցաւ հիւրընկալ Քարամէէն, իսկ Հուրիէն 97 – 72 արդիւնքով զիջեցաւ Ճէյշին: Այս փուլին Հալէպի խումբերէն Ճալաաը միակն էր, որ կրցաւ յաղթանակ արձանագրել, պարտութեան մատնելով Ուասպէն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
30 ՅՈՒՆԻՍԻՆ ՉԱՒԻ ՊԻՏԻ ՀԵՌԱՆԱՅ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԷՆ
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Չաւի յայտարարեց, որ ամրան, Յունիսի աւարտին, պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն: Այս յայտարարութիւնը փոխանցեց Mundo Deportivo-ն: «30 Յունիսին  կը հեռանամ ակումբէն։ Այս որոշումը քննարկած ենք ակումբի նախագահին եւ կառավարման խորհուրդին հետ։ Պարսելոնան ուղղութեան փոփոխութեան կարիք ունի: Այս որոշումը կապուած չէ տնտեսական վիճակի հետ։ Այս որոշումը սրտանց գոյացուցի։ Կը կարծեմ որ այս լաւագոյն որոշումն է ակումբին յաջողութեան համար», ըսաւ Չաւի:  Սպանիոյ առաջնութեան  22-րդ փուլի մրցումներուն, Պարսելոնան իր դաշտին վրայ պարտութեան մատնուեցաւ Վիլա Ռիալէն՝ 5 – 3 արդիւնքով: Ան 44 կէտով ներկայիս կը գրաւէ աղիւսակի 3-րդ դիրքը:
ԶԻՏԱՆ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ԳԼԽԱՒՈՐԵԼ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ
Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Զենատտին Զիտան մտադիր է աշխատանքի անցնիլ Ֆրանսայի հաւաքականէն ներս։ Այս մասին յայտարարութիւններ կատարեց RMC Sport-ը:
Աղբիւրի փոխանցմամբ՝ Զիտան պատրաստ է սպասել մինչեւ պաշտօնին աւարտը Ֆրանսայի հաւաքականի  մարզիչին, որ ներկայիս կը զբաղեցնէ Տիտէ Տիշամպը: Ան իր ծրագիրին մէջ ունի նաեւ Մարսէյի կազմի մարզումը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան