Կիրակի, 28 Յունուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ Հոգելոյս Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի վախճանման քառասունքին առիթով:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի հանդիսապետութեամբ, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան:
Սրբազան Հօր հայրական պատգամին բնաբանն էր օրուան աւետարանական հատուածը (Յհ 6.22-38), որուն ընդմէջէն կը հրաւիրուինք մօտենալու Քրիստոսին՝ կեանքի հացին, եւ հոգեւոր կեանքի աստիճաններէն վեր բարձրանալու:
Սրբազան Հայրը պատուիրեց, որ հոգեպէս պատրաստուած ներկայանանք Ս. Սեղանին, որպէսզի Ս. Հաղորդութեան ճամբով Քրիստոս որպէս կենդանի հաց եւ գինի ներգործէ մեր սրտերուն մէջ, միաւորուի մեզի հետ, զօրացնէ մեզ, եւ մենք արժեւորելով մեր կեանքը, զայն ի սպաս դնենք հայրենիքին, ազգին, եկեղեցւոյ եւ մեր ընկերութեան բարօրութեան:
Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Ամենակալը խաղաղութիւն պարգեւէ ննջեցեալներու հոգիներուն եւ Ս. Հոգւոյն մխիթարութիւնը պարգեւէ սգաւորներուն, որպէսզի ննջեցեալներուն հետ կապը պահելով շարունակենք մեր կեանքի պայքարը մղել:

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ հոգելոյս Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի վախճանման քառասունքին առիթով, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեանի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետի ներկայացուցիչ պատուելի Սերոբ Տէր Սահակեանի, Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս մեծարգոյ Բաբգէն Պատալեանի, Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեանի, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի հրամանատար գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի, Մարդասիրական Առաքելութեան 14-րդ խումբի հրամանատարին, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխաններ Ժիրայր Րէիսեանի եւ իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեանի, Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեանի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ Հայկազ Ասատուրեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Սունպուլ Սունպուլեանի եւ վարչութեան անդամներուն, ազգային կրօնական ժողովի անդամներուն, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մարզական, մշակութային եւ երիտասարդական միութիւններու, եկեղեցական եւ ազգային մարմիններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովուրդի զաւակներուն:
«Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը արտասանելով Սրբազան Հայրը հայցեց, որ Ամենակալը Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ հոգելոյս Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի հոգին եւ բոլոր ննջեցեալներու հոգիները խաղաղութեան մէջ պահէ եւ Երկինքի Արքայութեան արժանացնէ:
Այնուհետեւ, ներկաները ուղղուեցան դէպի Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահ, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Իշխանութիւնը ցաւակցութիւն ընդունեցին հոգելոյս Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի վախճանման քառասունքին առիթով:
Ներկաները պաստառի վրայ հետեւեցան հոգելոյս Սրբազան Հօր թեմակալ Առաջնորդութեան 27 տարիներու ծառայութենէն քաղուած փունջ մը լուսանկարներու ցուցադրութեան:
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ, գրող, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս դոկտ. Հուրի Ազէզեան խօսք առնելով ամփոփ կերպով անդրադարձաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Գաւազանագիրքին 60-րդ տեղը գրաւած նախկին Առաջնորդ հոգելոյս Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի 27 տարիներու անսակարկ ծառայութեան:
Ան ըսաւ. ««Ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար» նշանաբանը իր հոգեւորականի կեանքին ու հոգեւոր ծառայութեան ուղեգիծ ընտրած այս անձնդիր եկեղեցականը, զարմանալի ներդաշնակութեամբ յաջողեցաւ նոյնացնել իր անձն ու առաքելութիւնը, ամբողջական գիտակցութեամբ ընդունիլ կոչումին երբեմն յուսադրիչ, բայց յաճախ սպառիչ պարտաւորութիւնները հաւասարապէս, եւ ինքնաբաշխումի պերճագեղ օրինակով մը նոր գոյն ու դիմագիծ տուաւ Բերիոյ Հայոց պատմական Թեմին, երբ համայնքի կեանքին այլաբնոյթ բնագաւառներուն վերածաղկումի, ինչու չէ վերազարթօնքի նորագոյն պատումները արձանագրուեցան իր պաշտօնավարութեան շրջանին»:
Դոկտ. Հուրին յիշեց, որ 2002-ին ազգային իշխանութեան կողմէ Հալէպի մէջ մեծ շուքով յիշատակուեցաւ հոգելոյս Սրբազան Հօր քահանայական ձեռնադրութեան քառասնամեակն ու թեմի Առաջնորդութեան քսան հինգ ամեակը, բարձր ներկայութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին:
Ան յայտնեց, որ Հալէպի զաւակ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան ճանչցուեցաւ որպէս հաւատաւոր եւ աւանդապահ հոգեւորական, հոգեւոր եւ ազգային հովիւ, յարաբերութեան մարդ եւ շինարար Առաջնորդ:

Աւարտին, Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցելով, նախ փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ Իր տուած շնորհքին, բարիքին եւ օրհնութեան համար, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Հուրիին, որ իր խօսքին ընդմէջէն մեր յիշողութեան մէջ թարմացուց հոգելոյս Սրբազան Հօր յիշատակը, անդրադառնալով անոր նուիրական կեանքին, որ որպէս անուշահոտ ընծայ նուիրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի զոհասեղանին վրայ:
Սրբազան Հայրը անդրադառնալով հոգելոյս Սրբազան Հօր Առաջնորդական տարիներու ծառայութեան, յայտնեց, թէ իր կեանքը յատկանշուեցաւ ամբողջական զոհողութեամբ, նուիրումով եւ գիտակցութեամբ: Հոգելոյս Սրբազանը ծրագրաւորուած աշխատանքի հաւատացող անձ էր եւ իր սիրտը կը տրոփէր հայրենիքի սիրով՝ Հայաստանով, Արցախով, եկեղեցական, կրօնական, ազգային եւ մշակութային արժէքներով, այնպէս ինչպէս Վեհափառ Հայրապետը դպրեվանքի առաքելութեան մասին կը յիշեցնէ ըսելով, որ դպրեվանքը Գլխագիր մարդն է որ կը պատրաստէ: Հոգելոյս Սրբազան Հօր մէջ այդ մարդն էր, որ կը շնչէր, կը գործէր, կը ստեղծագործէր, կը տագնապէր եւ կը մտածէր: Ան հետեւորդը հանդիսացաւ իր հաւատքի հիմնադիրին՝ Քրիստոսին եւ մեր սրբազան հայրերուն, նահատակներուն, մարտիրոսներուն, ըլլան անոնք եկեղեցականներ թէ աշխարհականներ: Իր մէջ խորունկ կերպով արմատացած էր եկեղեցական եւ ազգային դաստիարակութիւնը եւ ըմբռնումը, որ մէկ էութիւն կազմած զինք առաջնորդեց ամբողջ իր կեանքի ընթացքին:

Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ հոգելոյս Սրբազանը իսկապէս արժեւորեց իր կեանքը եւ ապրեցաւ ժողովուրդին, թեմին, գաղութին, հայրենիքին, իրմէ վեր եւ բարձր արժէքներու համար եւ այդ պատճառով այսօր մենք համախմբուած ենք իր պայծառ յիշատակը անթառամ պահելու մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ:
Սրբազան Հայրը, ազգային իշխանութեան անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջելով ներկայ գտնուեցան արարողութեան եւ մեզի աղօթակից դարձան:
Սրբազան հայրը աղօթեց հոգելոյս Սրբազան Հօր եւ բոլոր ննջեցեալներուն համար, խնդրելով, որ Աստուած մարդկային իրենց տկարութիւնները նկատի չառնէ, իրենց հաւատքը գործնականօրէն թարգմանած երեւոյթին դիմաց յաւիտենականութեան մէջ հազարապատիկով վարձատրէ զիրենք, մեզի ալ համեստութիւն, խոնարհութիւն եւ գիտակցութիւն շնորհէ, որպէսզի իրենց կեանքի օրինակով մեր ներդրումը բերենք մեր շրջապատին մէջ:
Սրբազան Հայրը հայոց բանակի կազմաւորման 32-րդ ամեակին առիթով աղօթեց, որ Աստուած հաստատուն պահէ մեր բանակի զինուորները, հրամանատարներն ու սպաները եւ իմաստութիւն ու զօրութիւն պարգեւէ անոնց, որպէսզի կարենան հայրենիքի պաշտպանութիւնը եւ ժողովուրդի պահպանութիւնը ի կատար ածել:

Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան