ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան ու «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամներն ու քաղաքացիներ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յիշատակի օրուան առիթով ծաղիկներ զետեղած են անոր յուշարձանին առջեւ։
«Արամ Մանուկեանը օրինակ կը ծառայէր իր ներկայութեամբ, իր գաղափարներով, ինքնիշխան Հայաստանով, միայն սեփական ուժերու վրա հենելով, թշնամիին առջեւ գլուխ չխոնարհեցնելով, թշնամիին ձեռք սեղմելով, անոր հետ խօսելով, բայց միայն այն պարագային, երբ Սարդարապատի մէջ յաղթանակ կերտած էր։ Անոր արձանին մօտ ծաղիկ խոնարհեցնելով՝ նոյն խոստումը կու տանք Արամին, որ թոյլ պիտի չտանք, ջանք ու եռանդ պիտի չխնայենք եւ պիտի մղենք մեր գաղափարական պայքարը։ Այն արշաւը, որ նախաձեռնած է այս ազգադաւ իշխանութիւնը՝ Հայաստան պետութեան, հայ ժողովուրդի, միասնական մեր հայրենիքի գաղափարին եւ նոյնիսկ Արարատի դէմ, պիտի տապալի։ Եւ Արամը փաթթուած եռագոյնով պիտի շարունակէ տէր ու տիրականը ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան պետութեան, ինքնիշխանութեան, արժանապատուութեան պայքարի վեհ գաղափարին», իր ելոյթին մէջ ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան։

«Մեր յստակ տեսլականն է, որ Հայաստանը չի կրնար խաղաղութեան կեղծ օրակարգով յառաջ երթալ եւ միակողմանի զիջումներ ընել։ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը երբեք չեն յագենար իրենց կորզած պատառներով։ Իւրաքանչիւր պատառէն վերջ, կը պահանջեն նորը։ Ինքնավստահ, ամբարտաւան, ռազմաշունչ յայտարարութիւններով Ատրպէյճանը կը փորձէ վախի տակ պահել Հայաստանը՝ քաջ գիտակցելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են ամէն գնով զիջումներու» , Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Ան գծեց մեր ընելիքները, որոնցմէ գլխաւորը՝ բանակի հզօրացումն է, իսկ երկրորդը՝ դիւանագիտական սխալներու սրբագրումն է, որոնց պատճառով երկիրը մեկուսացած վիճակի մէջ է եւ չունի այն կշիռը, որ ունէր անցեալին։ «Մեր հայրենիքի պաշտպան ենք եւ մեզի համար պետութիւնը մնայուն է, իշխանութիւնները գնայուն», ընդգծեց Տէր Խաչատուրեան։