Համացանցի վրայ ընթերցութեան հասանելի է «Դրօշակի»՝ իր իրաւունքներու մէջ մտնող 2024_ի անդրանիկ թիւը: Թիւի առաջնորդողը անդրադարձն է Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն գրեթէ վեցամեայ ձախողած քաղաքականութեան, այս անգամ ներազգային դաշտի մէջ:
Հեղինակներ Լուսինէ Մխիթարեան եւ Մանուէլ Մկրտչեան կ’անդրադառնան ձախողումներու պատճառներուն քննելով անոնք ներհասարակական հոգեվիճակին, տրամադրութիւններուն, ինչպէս եւ ազգային կանոնակարգին մէջ բոյն դրած յոռի արատներու հետ առնչելով:
Պատմաբան Անի Մելքոնեանին ներկայացուցած յօդուածը այս անգամ նուիրուած է հայոց բանակի հերթական տարեդարձին: Պատմաբանի հայեացքով Անին կ’անդրադառնայ ներկայ հանրապետութեան հիմնադրման հետ ծնունդ առած եւ պատերազմներու դաշտերուն մէջ կոփուած հայոց բանակի անցած փառաւոր ուղիին, ինչպէս եւ կը ներկայացնէ օրուան իշխանութիւններուն հակազգային եւ հակաբանակ քաղաքականութեան հետեւանքով բանակի կարեւորութեան ստորադասումը, անոր արժեզրկումին եւ որպէս հետեւանք, թշնամիին յաղթանակներն ու պետութիւնը ինքն իրեն պաշտպանելու ունակութենէն զրկելու ողբերգական պատմութեան:
Ամերիկեան ուսումնասիրութիւններու հայկական կեդրոնը ներկայացուցած է 2023 թուականի ընթացքին ամերիկացի բարձր պաշտօնեաներու միջնորդական նախաձեռնութիւնները հայ եւ ատրպէյճանական կողմերու միջեւ։ Ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի եզրակացութիւնն է, որ Ամերիկեան վարչակազմը աննախադէպ աշխուժութեամբ նախորդ տարի դերակատարութիւն իրականացուցած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ, ինչպէս եւ առանձնաբար հայ պաշտօնեաներուն հետ կապեր հաստատելով եւ ասիկա կրնայ նախանշել Անդրկովկասի մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան աշխուժացման սկիզբը:
Դրօշակի այս առաջին թիւը ընթերցողին կ’առաջարկէ քաղաքական եւ ոչ քաղաքական այլ յօդուածներ:
«Դրօշակ»ի 2024_ի առաջին թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէով: