90 երկար տարիներ առաջ՝ 4 Նոյեմբեր 1934-ին, պատմական Հայաստանի սահմանակից քաղաքէն՝ նորահաստատ Գամիշլիէն, հնչեց ձայնը Տ.Տ. Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսին հետեւեալ խօսքը․ «Օրհնեսցի եւ օծցի…», ապա «Օրհնեսցի եւ պահպանեսցի եւ նախախնամեալ պահեսցի յանուն Սրբոյն Յակոբայ հաստատեալ եկեղեցիս…» ։
Տեղահանութենէն ետք, ինչպէս հայերուն վիճակն էր ամէնուրեք, նոյնպէս էր Գամիշլիի հայ ժողովուրդինը։ Անտուն, անտիրական՝ մինչեւ որ Կաթողիկոսարանը եւ Առաջնորդարանը իրենց տէր կանգնեցան։ Ժողովուրդը անուս էր եւ մեծամասնութեամբ՝ քրտախօս։ Այդ իսկ պատճառով աշխատանքի կը ձեռնարկուի եւ առաջին հերթին գամիշլիցիներ իրենց ուժերով, ըստ իրենց կարողութեան, տէր կը կանգնին իրենց զաւակներուն։ Տուներու մէջ հայ լեզուի դասեր կը տրուին, քրտախօս հայութեան համար քահանայի մը դասաւորումը կ’ըլլայ Գաբրիէլ Քհնյ. Երէցեանի շնորհիւ (ապա Տէր Գրիգորեան), իսկ ժողովուրդի մնացեալ մասին հոգեւոր մատակարարումը կը կատարուի Աշոտ Քհնյ. Փափազեանի կողմէ։
Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ հայ ժողովուրդը սրահներ կը կառուցանէ եւ այդ սրահները կ’օգտագործէ որպէս հոգեւոր եւ մտաւոր գիտութեանց մատակարարման կեդրոններ։ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի եւ ՀՄԲՄ-ի օգնութեամբ գոհացում կը տրուի աշակերտներուն, հայ ընտանիքներուն եւ ուսուցիչներուն։
Երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսի Դէպի Ճեզիրէի շրջան հովուապետական անդրանիկ այցը տեղի կ’ունենայ 1934-ին ։ Վեհափառ Հայրապետը 24 Հոկտեմբերէն մինչեւ 12 Նոյեմբեր կ’այցելէ Պապ, Մումպուճ, Ճարապլուս, Արաբ-բունար, Այն-Արուս, Թէլ-Ապիատ, Թինա, Ռաքքա, Թէլ-Սիման, Խըրպըթ-Ռըզ, Ռաս ուլ-Այն, Տրպէսիէ, Ամուտէ, Գամիշլի, Գուպուր-Պիթ, Վանիկ, Տէրիք, Այն Տիվար, դարձեալ Գամիշլի, Թէլ Պրաք, Հասիչէ եւ Տէր Զօր ։
Ճեզիրէի Փոխանորդութիւնը պաշտօնապէս կը հաստատուի 1941 թուականին։ Մինչ այդ՝ 1931-էն մինչեւ 1942, առաջնորդական փոխանորդութեան պաշտօնը կը կատարէ Աշոտ Քհնյ. Փափազեան։ 1934-էն սկսեալ Հալէպի Առաջնորդարանը աշխատանք կը տանի եւ շրջանի կաթողիկոսներէն եւ տեղապահներէն Ճեզիրէի շրջանին համար վեղարաւոր մը կը խնդրէ։ Ի պատասխան այս խնդրանքին, Ս. Աթոռիս Միաբանական Ընդհանուր ժողովը 4 Սեպտեմբեր 1941-ի նիստին, սկզբունքով կ’ընդունի վեղարաւոր մը ղրկել Ճէզիրէ ։ Նիստի տեղեկագրին մէջ կ’արձանագրուի. «Նկատելով որ ներկայիս հարկ կը տեսնուի հին թեմերը բարեփոխելու եւ նոր թեմեր կազմելու, ինչպէս Ճեզիրէի, Զահլէի, Պէքայի եւ Լաթաքիա Քեսապ շրջանները, յետ խորհրդակցութեան, ժողովս որոշեց սոյն խնդիրը Տեղապահ Սրբազանին մասնաւոր ուշադրութեան եւ հոգածութեան յանձնել, խնդրելով որ այժմէն ձեռնարկէ գործին նախապատրաստութեան ու տեղեկագրէ յառաջիկային գումարուելիք (նոյմ. 16) Ազգային Ընդհանուր ժողովին։ Սակայն նկատի ունենալով Ճեզիրէի հոծ հայութեան անմիջական կարիքները եւ Հալէպի Առաջնորդարանի տարիներէ ի վեր կատարած դիմումները, սոյն խնդրին համար, ժողովս սկզբունքով ընդունեցաւ վեղարաւոր մը ղրկել հոն՝ իբրեւ Առաջն. Փոխանորդ՝ մինչեւ ցնոր տնօրինութիւն» ։
Միաբանական Ընդհանուր ժողովի որոշումէն ետք, Տնօրէն ժողովը 15 Հոկտեմբեր 1941-ին յարմարագոյն միաբանը կը նկատէ Խորէն Վարդապետը։ Իսկ Հալէպի Խառն ժողովի ընտրութեամբ, 2 Փետրուար 1942-ին, որպէս Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ կ’ընտրէ դարձեալ Խորէն Վարդապետը եւ այսպիսով Հայր Սուրբը կը մեկնի Գամիշլի, ուր կը գտնուէր 35.000 հայ բնակիչ։
Հայր Խորէնը 14 Մարտ 1942-ին կը հասնի Գամիշլի եւ Ճեզիրէ, անմիջապէս աշխատանքի սկսելով 11 Ապրիլ 1943-ին կը կառուցանէ Առաջնորդարանը եւ հինգ սենեակնոց մանկապարտէզը։
90 տարիներ անցան եւ տակաւին Գամիշլիի ժողովուրդը իր երթը կը շարունակէ՝ իր եկեղեցւոյ հանդէպ՝ նոյն երկիւղածութեամբ։ 90 տարի, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր տարի իր արժէքը ունի՝ լիառատ աշխատանքով։ Աղիւսապատ, խեղճուկրակ, սակայն Աստուածային զօրութեամբ լեցուն եկեղեցիէն, մինչեւ շքեղ, քառապատ տաճարի վերածուիլը։ Քրտախօս ժողովուրդէն մինչեւ հայախօս ժողովուրդի վերածուիլը։ 90 տարի՝ դժուարութեամբ եւ խոչընդոտներով լեցուն, սակայն աննկուն կամքով եւ Յարուցեալ Քրիստոսի օրինակով յարութիւն առած եւ առաջ գացած իբրեւ հայ քրիստոնեայ ժողովուրդ։
Այսօր հին սերունդէն եկած նոր սերունդս, մեր յաջողութիւնները որպէս 90-ամեայ աշխատանքներու ընծայ, կու գանք դնելու մեր Աստուծոյն առջեւ՝ մեր նախնիներուն փոխարէն։
90 տարի ետք կու գանք ըսելու. «Շնորհակալ ենք, ո՜վ մեր երանելի նախորդներ, որ ձեր ճակտի քրտինքով հիմնեցիք այս շրջանը, ձեր աշխատանքի քրտինքը հողին հետ շաղախուելով աճեցուց մեզ, ձեր ձեռքերով կատարած աշխատանքը պարարտացուցիչ դարձաւ եւ ահա այսօր ձեր ցանած ծառէն քաղցր պտուղ կը ճաշակենք։
Օրհնեալ ըլլայ ձեր յիշատակը եւ օրնեալ ըլլայ Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցին իր ժողովուրդով»։
Աղօթարար
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան
Առաջնորդական Փոխանորդ
Ճեզիրէի Հայոց
———————————————-
1-Թեմական այցելութիւն, Հոգեւոր մխիթարութիւն, Հասկ, Անթիլիաս, Դեկտեմբեր 1934, էջ 103։
2-Նոյն անդ, էջ 101-110։
3-Ճեզիրէի Փոխանորդութիւնը, Հասկ, Անթիլիաս, Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 1947, էջ 297։
4- Տ. Խորէն Վրդ. Բարոյեան Առաջնորդական Փոխանորդ Ճեզիրէի Հայոց, Հասկ, Անթիլիաս, Մարտ-Ապրիլ 1942, էջ 64։
5- 4 Թեմերու Կազմակերպութիւն, Հասկ, Անթիլիաս, Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 1941, էջ 150։
5-Զօհրապեան, Կիւրեղ Եպս., Յուշեր, Ս. Ղազար-Վենետիկ, 2007, էջ 220։
6-ԿՀՄՏԿԱ, հ. 3, ց. 1, գ. 85, թ. 17, բնագիր, ձեռագիր, թուահամար 214, թուակիր 13 Ապրիլ 1943։