Արդէն տասը տարի կ’ընէ որ ես Երեւան կը բնակիմ: Չեմ համարձակիր «հաստատուած եմ»  ըսել, որովհետեւ Հալէպ տուն տեղ ձգած, ապաստանած եմ այստեղ, առանց գիտնալու թէ կրնա՞մ վերջնականապէս հաստատուիլ, այսինքն ֆիզիքական կապս կտրել Հալէպի հետ ու դառնալ լիիրաւ երեւանցի, քանի որ այդպիսի բան մը ընելու համար պէտք է կարենայի սեփական բնակարան մը ունենալ, հասութաբեր գործ մը ինքնաբաւ ըլլալու չափ, անշուշտ առանց զգացական կապս կտրելու ծննդավայրիս հետ, ուր անցուցած եմ կեանքիս եօթանասուն տարիները:
Այս տասը տարիները բաւարար չեղան մերուելու հայաստանցիներուն մէջ, դառնալու անոնցմէ մէկը, իր բոլոր ստորոգելիներով՝ տեղական խօսակցական լեզուով, սովորոյթներով, կենցաղային տարատեսակ մանրամասնութիւններով, հակառակ միեւնոյն ազգային պատմութիւնը ունենալնուս, միեւնոյն մշակոյթը, դաւանանքն ու ձգտումները ունենալնուս:
Տասը տարին բաւարար չէ փոխուելու եւ տեղացի դառնալու համար, ոչ միայն տասը, նոյնիսկ տասնամեակներ պէտք են, որ մարդ տեղացի դառնայ, բան մը որ ինծի չէ տրուած, բայց մանուկներուն եւ պատանիներուն յարիր է, երբ անոնք մատղաշ տարիքէն կը հանեն հինը իրենց վրայէն ու կը հագնին նորը, ինքնաբերաբար, առանց յատուկ ճիգի:
Հայաստանցին ընդհանրապէս, եւ քաղաքներու մէջ ապրողները մասնաւորապէս, ինքնամփոփ են, իրենք-իրենց մէջ քաշուած, դիւրին հաղորդակցող չեն: Հալէպցի կիներուն նման իրարու այցելել, դուռ-դրացիով նստիլ, խօսիլ, խնդալ, նաեւ բամբասել չունին, նախ որ մեծամասնութիւնը կ’աշխատի եւ ժամանակ չունի այդպիսի հաւաքոյթներու, իսկ երկրորդ՝ շատ ալ հետաքրքրուած չեն ուրիշով, իրենք իրենց մէջ, իրենց հարցերով հազիւ կը զբաղին: Որեւէ հարցով դրացիին դուռը թակողին «հրամէ՛» չեն ըսեր, դրան առջեւ կը խօսին եւ վերջ: Ես այս իմ երրորդ բնակարանիս մէջ արդէն 7 տարիէ ի վեր կ’ապրիմ, շէնքիս մէջ 30 դրացի ունիմ, տակաւին ոչ մէկուն տունը ոտք դրած եմ, ոչ մէկը ինծի «դրացի՛, հրամէ՛» ըսած է, թէեւ շատ փափաքած եմ: Կարծես չեն ուզեր որ տեսնես թէ ինչե՜ր ունին իրենց տան մէջ, ինչպէ՞ս կ’ապրին… կարծեմ խորհրդային շրջանի ազդեցութիւնն է, որ կը շարունակուի:
Արեւմտահայերէնը երկու մաս ունի՝ գրական եւ խօսակցական: Արեւելահայերէնը երեք մաս ունի, գրական, մաքուր խօսակցական եւ անհասկնալի «ժառկոն» փողոցային լեզու մը, որմէ բան չես հասկնար, ոչ միայն օգտագործուող բառապաշարէն, այլեւ հնչիւնէն ու տարբեր առոգանութենէն: Բոլոր երեքին ալ պարագային օտարամուտ բառերը կ’աղաւաղեն լեզուն, թրքերէնէ եւ արաբերէնէ ներմուծուած բառերը իրենց համար «բարբառ» են, որոնցմէ չեն փորձեր ձերբազատիլ. ամենացայտունն ու խորշելին «շալվարն» է տաբատի փոխարէն, «սիլլան» է ապտակի փոխարէն, կամ «փոշմանիլն» է զղջալու փոխարէն: Մեր անդադար գրաւոր թէ բերանացի մատնանշումներն ու ՀՀ լեզուի կոմիտէի հրատարակած հայերէն բառացանկերը ոչինչ կը փոխեն:
Եթէ ըսես որ այդինչ բառը հայերէն չէ, կը զարմանան ու կը պնդեն որ բարբառ է, հայերէն է: Իսկ ուղղագրութեան հարցը, անիմաստ է այլեւս այդ մասին խօսիլ, քանի ջուր ծեծելու նման պիտի ըլլայ, իրենք իրենց չ-ուղղագրութիւնը չեն փոխեր: Այստեղ անհրաժեշտ կը նկատեմ խօսիլ այն նորակազմ  բառերուն մասին, որոնք արդէն մտած են երկրի բառապաշարին մէջ եւ կ’օգտագործուին եւ որոնք մեր մօտ չունին իրենց հայերէն համազօրը: Օրինակ դաշնամուրի, կամ ինքնաշարժի Pedal-ին «ոտնակ» կ’ըսեն,  frain-ին «արգելակ», պենզինճի-ին «լցակայան կամ պենզալցակայան», մեքենիստին «ընթացագործ», աքսեսուարին- «մեքենայի մասեր», որեւէ բան թափանցիկ նայլընի կազմի մէջ առնելը-«Թաղանթապատում», չիթի- «լցակար» եւ այլն, որոնք կրնանք նաեւ Սփիւռքի մէջ ալ օգտագործել: Անտեղի կը նկատեմ «Մայքրօուէյվ»-ին հայացումը որպէս «մայքրօալիքային վառարան», կամ «Եուրովիժընը» թարգմանել որպէս «Եւրոտեսիլ»:
Մշակոյթ ըսուածը առատօրէն կը դրսեւորուի որպէս օփերա ու պալէ, որպէս սիմֆոնիք նուագախումբ ու երգչախումբ, որպէս թանգարանային ու նկարչական ցուցահանդէս, որպէս թատրոն ու բազմատեսակ բեմական արուեստ: Մակարդակը բաւական լաւ է, հանդիսասրահները ընդհանրապէս լեցուն, ինչ որ անմակարդակ է, ան ալ հեռատեսիլի յայտագիրներն են, ուր գովազդներն ու հարցազրոյցները մեծ բաժինը խլած են: Հանրայինը քիչ մը աւելի տանելի է, մինչ միւսներուն մօտ շահի սիրոյն ամէն աժան բանի ետեւէն վազելնին ակնյայտ է:
Շուկան շատ ճոխ է, սակայն գիները բաւական դժուարամատչելի են, այս տարի դուրսէն եկող այցելուներուն նկատողութեամբ,- արդէն եւրոպայէն ետ չի մնար սղութեամբ,- կ’ըսեն: Չխօսինք տուներու վարձքերուն մասին, որոնցմէ կը տառապին գլխաւորաբար վարձով ապրող սուրիահայերը: Տանտէրերուն ու ընդհանրապէս հայաստանցիին համար դրամը առաջնային է, դրամասէր են, հայաստանցին խտրութիւն չի դներ միջոցներու մէջ դրամ շահելու համար:
Քաղաքականութիւնը իր «յաճախորդները» ունի, անով կը զբաղին որոշ մարդիկ ու կազմակերպութիւններ, մնացեալը իրենց օրապահիկին ետեւէն են:
Ցոյցերն ու հաւաքները առաջ բազմամարդ էին, հիմա շատ նուազ, մասնակիցներուն փոքր տոկոսը իսկական բողոքող, մնացեալը՝ անգործ մարդիկ  ու հետաքրքրութենէ մղուածներ: Քաղաքին մաքրութիւնը բաւական լաւ է, որուն համար շնորհակալ ըլլալու է քաղաքապետարանին, միակ տգեղ երեւոյթը երիտասարդներուն փողոցը թքնելն է, որ իսկապէս գէշ տպաւորութիւն կը գործէ յատկապէս օտարներուն դիմաց:
Տղայ-աղջիկ իրար փաթթուած, սիրային տեսարանները բացայայտ են այստեղ, ամչնալ չկայ, բան մը, որ թապու էր մեր մօտ, քանի որ միջավայրը պահպանողական էր եւ ընտանեկան սրբութիւնն ու շրջահայեացութիւնը չէին արտօներ նման բացօթեայ վարմունք: Սկիզբները բոլորս ալ կը ցնցուէինք այդ տեսարաններէն, յետոյ կամաց-կամաց վարժուեցանք:
Հալէպահայերէն շատեր, յատկապէս գործարարներ ու շուկայի վրայ վաճառատուն, կամ ճաշարան ունեցողներ արդէն իւրացուցած են արեւելահայերէնը, յատկապէս դպրոցականները, սակայն մեծերը կառչած կը մնան արեւմտահայերէնին: Խանութներուն մէջ օգտագործուող օտար անուններուն ճիշդ հայերէնը կը փորձենք ըսել եւ ակնկալել որ կը յաջողինք, սակայն հազիւ քանի մը անուն, մնացածը իրենց գիտցածը չեն փոխեր: Բամիտորին լոլիկ ըսել սորվեցան, բաթրիճանին սմբուկ ըսելն ալ, բայց գետնախնձորին «կարտոֆիլ»-ը չփոխեցին, ոչ ալ ազատքեղին՝ «մաղտանոս»-ը, կամ ստեպղինին՝ «գազար»-ը:
Հալէպահայերը ԳԱՆՁ մը ունին, որուն իսկական արժէքին կ’անդրադառնան  երեւանաբնակ հալէպահայերը շատ աւելի, սիրով, կարօտով ու յուզումով, քան Հալէպ ապրողները: Հաւանաբար շատեր կռահեցին, իսկ չանդրադարձողներուն ըսեմ, այդ մեծ գանձը մեր հայկական ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՆ են: Չեմ չափազանցեր, այդ ակումբները ինչ հսկայ օգուտներ տուած են սերունդներուն, եղած են մեր իսկական երկրորդ տունը, ուր պահպանած ենք մեր հայու նկարագիրը, լեզուն, պատմութիւնը, բարքերն ու աւանդոյթները  բազմատեսակ մարզական, սկաուտական, մշակութային եւ այլ ձեռնարկներու միջոցով: Հոն իրարու հանդիպած ու ընկերութիւններ ստեղծուած են, նաեւ հոն տղայ ու աղջիկ իրարու հանդիպած, համակրանքը սիրոյ առաջնորդած ու սէրը զիրենք միացուցած եւ նոր հայ ընտանիքի մը հիմը դրած են: Քիչ բան չէ, հայապահպանման միջնաբերդերը եղած են մեր ակումբները: Երեւանի մէջ զրկուած ենք այդ բարիքէն, անոր համար այնքան դժուարութիւն կը գտնենք հաւաքուելու եւ ձեռնարկ մը յաջողցնելու: Ափսո՜ս:
Կը սիրեմ երեւանցիներուն յարգալից վերաբերմունքը մասնաւորապէս տարեց մարդոց նկատմամբ: Ամէն հանրակառք բարձրանալուս, ինչքան ալ խճողուած ըլլայ, անպայման մէկն ու մէկը ոտքի կ’ելլէ ու տեղը ինծի կը տրամադրէ: Կը սիրեմ նաեւ իրենց կոչականները տարեցներուն, որոնցմէ մին ալ ես եմ, շոյուած կը զգամ, երբ «Հոբբա՛ր, պապի՛, կամ հայրի՛կ» ըսելով կը դիմեն ինծի:
Երեւանի ամենատգեղ երեւոյթը մուրացկաններն են, որոնցմէ շատեր արդէն գործի վերածած են եւ տարիներէ ի վեր նոյն վայրին մէջ կը մնան ու անցնող-դարձողին ձեռք կը բանան: Ըսողներ կան, որ անոնցմէ շատեր «գործատէր»-ի մը հաշւոյն կ’աշխատին: Քանիցս գրած եմ այս մասին, բայց բան չի փոխուիր:
Իբր թէ թշնամի ենք ու մեր եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը բաց չէ, ոչ ալ արտօնուած ներածում-արտածում ունինք, սակայն Հայաստանի շուկաները կը յորդին թրքական բազմատեսակ ապրանքներով: Կը գրենք, կը խօսինք, նոյնիսկ պետական որոշում առնուած էր թրքական ապրանքներու ներածումը արգիլող, սակայն «պիզնէսմաններն» ու անոնց հովանաւորները ողջ ըլլան…
Հայաստանի մէջ հարուստը՝ շա՛տ հարուստ է, աղքատն ալ՝ շա՛տ աղքատ: Մէկ կը նայիս քաղաքին մէջ վխտացող ամենաարդիական, ամենաշքեղ ու սուղ մեքենաներուն, կամ հարսանեկան խրախճանքներուն մսխուած անհաշիւ տոլարներուն, մէկ ալ կը նայիս աղբամանները գրգռողներուն ու կը զարմանաս, քիչ մըն ալ կը զայրանաս:
Դեռ շատ բաներ կան, որոնց մասին կարելի է անդրադառնալ, բայց այսքանն ալ որոշ պատկեր մը կը ներկայացնէ ու նիւթ կը հայթայթէ դիտարկումներուս:
Հայաստանը իր ճերմակով ու սեւով մե՛րն է, փոխել, փոխանակել չըլլար. աշխատինք  պահել զայն մեր աչքին լոյսին պէս:
Յակոբ Միքայէլեան