Ամէն անգամ, որ օդակայանի մը սրահներուն մէջ կը ստիպուիմ թափառիլ, սպասելով յաջորդ թռիչքիս, անպայմա՛ն գրախանութ մը կը մտնեմ, թերթերը, հանդէսներն ու ժամանցի բաժինը կը դիտեմ, երկար կը յամենամ, եւ եթէ նոյնիսկ ոչ մէկ բան գնեմ, գոհունակութեամբ դուրս կու գամ գրախանութէն, կարծես հանգստացած, որ աշխարհի լաւագոյն ժամանց-գիտամբար-հաճոյքի այդ վայրերը տակաւին բանուկ են, տակաւին մարդիկ կը մտնեն այդ խանութները եւ յաճախ գիրքեր ու թերթեր կը գնեն:
Այս գրախանութներուն, ինչպէս նաեւ սովորական գրախանութներու ժամանցի բաժինը, մանաւանդ խաղի գրքոյկները դիտելով իրապէ՛ս խորունկ ափսոսանք կ’ապրիմ, որ մենք չունինք – տակաւին չունինք – նման գիրքեր, որոնք մեծին եւ փոքրին հաւասարապէս հաճոյք կը պատճառեն, անպայմա՛ն բան մը աւելցնելով անոնց գիտելիքներուն վրայ: Աղօտ կերպով կը յիշեմ սակայն, որ Անթիլիասի մայրավանքին գիրքի ցուցահանդէսներէն մէկուն երեք տարբեր խաղերու գիրքեր գներ էի: Ուրեմն, ունի՛նք, բայց ոչ դիւրաւ գտնուող:
Ճիշդ է, որ վերջին գոնէ տասը տարիներուն, Երեւանի գրախանութներուն մէջ նման գիրքեր կարելի է գտնել, բայց անոնք բոլորը արեւելահայերէնով են, մինչ Սփիւռքի մէջ փոքրերն ու մեծերը զրկուած են նման պարզ հաճոյքներէ:
Մեր թերթերէն շատերը, ինչպէս «Գանձասար»-ն ու «Ազդակ»-ը ունին իրենց խաչբառի բաժինը: Ինչո՞ւ տարեկան գրքոյկ մըն ալ չհրատարակեն, որպէսզի փափաքողը հետը տանի, ճամբորդութեան կամ արձակուրդի ընթացքին զբաղելու համար:
Այս գրախանութները ընդհանրապէս նաեւ ունին բաժին մը, տրամադրուած «սեղանի խաղեր»-ուն:
Կը յիշեմ որ իմ օրերուն կար օձի խաղը, կամ օձեր եւ աստիճաններ խաղը, կար խաչաձեւ տախտակը, որուն վրայ քարերը պէտք էր քալեցնել ըստ զարի թիւերուն, եւ կար … կա՞ր ուրիշ բան. չեմ յիշեր:
Զաւակներուս օրով ասոնց աւելցեր էր «Գիտութեան Անիւ»-ը, որ մեծ հաճոյքով կը խաղային տղաքս:
Հիմա սակայն կը տեսնեմ, որ անընդհատ «սեղանի խաղեր»-ու նոր տարբերակներ կը յայտնուին շուկաներուն կամ համացանցին վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մարդիկ կան, որոնք նուիրուած են այս գործին եւ որոնց աշխատանքը նոր խաղեր … ստեղծելն է: Շա՜տ խելացի պէտք է ըլլան նման մարդիկ նոր խաղ ստեղծելու համար, ճիշդ այլ բան ստեղծողներուն պէս:
Իմ ամէնէն աւելի սիրած խաղս խաչբառն է, թերեւս նաեւ անոր համար, որ մարդ անպայմանօրէն խաղընկերի պէտք չունի, առանձինն ալ կրնայ խաղալ: Եւ անշուշտ՝ բառխաղը, հայերէնով խաղցուող աշխարհի թերեւս ամէնէն աւելի սիրուած խաղին՝ scrabble-ին հայերէն տարբերակը, որ քանի մը տասնամեակ առաջ Հալէպի մէջ Վահէ Ժամագործեանը պատրաստեր էր, եթէ յիշողութիւնս խաղեր չէ սկսած խաղալ գլխուս:
Բայց խաչբառը ե՞րբ ստեղծուեր է արդեօք:
Այս առումով իրապէ՛ս օգտակար է համացանցը, որ աչքերուդ առջեւ կը փռէ ոչ թէ հազարաւոր, այլ յաճախ միլիոնաւոր էջեր, ինչպէս ճիշդ հիմա, երբ crossword կը գրեմ եւ 38 երկվայրկեանուան ընթացքին մօտաւորապէս 620 միլիոն էջ կը բանայ:
Այս էջերէն մէկէն է որ կ’իմանամ, թէ խաչբառը նոր խաղ մըն է, առաջին անգամ 21 Դեկտեմբեր 1913-ին The New York World թերթին մէջ երեւցած եւ որուն ստեղծողը անգլիացի թղթակից Արթըր Ուայնը եղած է:
Անշուշտ այդ առաջին խաչբառը չունէր այսօրուան ձեւը՝ սեւ եւ ճերմակ քառակուսիներու յաջորդականութեամբ. այնտեղ միայն ճերմակ կամ պարապ քառակուսիներ կային.
Գովիտի տարածումին եւ շրջափակումին երկու տարիներուն, մարդիկ վերադարձան իրենց նախկին զբաղումներուն, որոնցմէ մէկն ալ խաչբառ լուծելն էր. կ’ըսուի թէ այդ օրերուն համացանցէն ներբեռնուած է 125 % աւելի խաչբառ, քան՝ նախապէս:
Այսօր ալ շատեր կը խաղան այս խաղը, քանի մը պատճառներով.
Ա. Խաչբառը կ’օգնէ ուղեղի աշխատանքին, կ’օգնէ որ ուղեղը չծուլանայ եւ ենթակայ չդառնայ տարիքին հետ յառաջացող հիւանդութիւններու:
Բ. Խաչբառը իրապէ՛ս հանգստացնող խաղ մըն է, մանաւանդ ծանր աշխատանքային օրուան մը աւարտին, որովհետեւ – ճիշդ վալս պարողներուն պէս, որոնք քիչ մը դէպի աջ ոլորաններով պարելէ ետք, կը սկսին դէպի ձախ դառնալով պարել, որպէսզի գլխու պտոյտ չունենան – այդ ձեւով ալ խաչբառը կ’օգնէ որ ուղեղը քակուի իր առօրեայ աշխատելաձեւէն եւ նոր ձեւով սկսի բանիլ, ինչ որ հանգստութիւն կը պատճառէ:
Գ. Խաչբառը լաւագոյն ձեւ մըն է նոր գիտելիքներ, մանաւանդ նոր բառեր սորվելու եւ ամբարելու:
«Խաչբառ լուծելու ամէնէն հաճելի բաժինը այն է, որ վստահ ենք որ լուծումի պիտի հասնինք» կ’ըսէ Սթիվըն Սոնտհէյմ, ամերիկացի երգահանն ու երգերու հեղինակը (1930 – 2021):
Նիւ Եորքի (ԱՄՆ) ամէնէն նշանաւոր շաբաթաթերթին՝ The New York Times-ի խաչբառի խմբագիրը կ’ըսէ.
«Խաչբառ լուծելը կը խաղաղեցնէ մեզ, կը վերացնէ մեր տագնապը եւ մեզ կը դարձնէ աւելի հանդարտ»:
Խաչբառի սիրահարները կրնան հաստատել այս խօսքերը իրենց փորձառութեամբ:
Կ’ըսուի թէ անգլիական տարբերակը այս խաղին շատ աւելի դժուար է, քան՝ ամերիկեանը:
Խաչբառի առաջին հրատարակութենէն ետք, մոլութեան հասեր է այս խաղը այնքան, որ շապիկներ եւ հագուստներ կարելի էր գտնել այս խաղին գծանկարներով:
Նոյնիսկ այսօր, կ’ըսուի թէ բաղնիքի համար թուղթեր (թուալէթի թուղթ) կան, որոնց վրայ խաչբառ տպուած է:
«Բաղնիքին մէջ ալ հանգիստ չկայ» պիտի ըսէր Նէնէ Հայկանոյշս:
Սկիզբի խաղերուն մէջ բառերը պարզապէս հոմանիշներ էին, աւելի ուշ սակայն անոնք բարդացան եւ դարձան … ծածկագրեր:
1941 թուականին The Daily Telegraph թերթին խմբագիրը, երբ ընթերցողներ սկսեր են խաչբառ լուծելու իրենց արագութիւնը զեկուցել, որոշեր է մրցում մը յայտարարել, տեսնելու թէ ո՞վ կրնայ 12 վայրկեանէն խաչբառ մը լուծել:
25 անձեր, որոնք կրցած էին անցնիլ սկզբնական 12 վայրկեանը, հրաւիրուեր են խմբագրատուն, մրցելու համար. անոնցմէ մէկը տրուած խաչբառը կրցեր է լուծել 6,35 վայրկեանէն:
1941-ին Պատերազմական Գրասենեակը (կապուած Մեծն Բրիտանիոյ բանակին) մտածեր է օգտուիլ այս քանի մը անձերէն եւ զանոնք գործի լծել որպէս ծածկագիր քակողներ:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն խաչբառերը օգտագործուեր են որպէս գաղտնի հաղորդակցութեան միջոցներ, եւ շրջան մը ետք՝ լրտեսական ցանց մը բացայայտուեր է, Leonard Dawe-ի գլխաւորութեամբ:
Իսկ պատերազմէն ետքի տխուր տարիներուն, երբ պարէնի հիմնական նիւթերը կտրոններով կը տրուէին, կտրոններու տետրերուն մէջ խաչբառեր զետեղուած կ’ըլլային, որպէսզի մարդիկ զանոնք լուծեն հերթի կանգնելու ընթացքին եւ չզգան ժամանակն ու յոգնութիւնը:
Վերջին տարիներուն ի յայտ եկաւ sudoku-ն, որ խաչբառի սկզբունքով, բայց թիւեր օգտագործող խաղ մըն է, նոյնքան տարածում գտած, որքան խաչբառը:
Երբեմն կը մտածեմ՝ ի՜նչ դիւրին ձեւեր կան հայերէնը հաճելի ձեւով սորվեցնելու, մանաւանդ խաղի լեզու դարձնելու համար դպրոցներուն մէջ, օրինակ, փոխանակ ընթերցումի բառերը գոց սորվիլ թելադրելու, զանոնք խաչբառի մէջ դնելով եւ որպէս խաղ տալով, աշակերտները աւելի հեշտ եւ հեզասահ կերպով կը մտապահեն բառերը: Հայերէնի դասապահին վերջին տասը վայրկեաններուն կարելի է խաղալ, խաչբառ լուծել կամ բառային այլ խաղեր եւս խաղալ, նաեւ համակարգիչի վրայ:
Մարուշ Երամեան