(Հալէպ, 28 Յունուար 2024)

Պատմակերտ դէմքեր կան, որոնք նկարագրի, նուիրումի ու վաստակի իւրայատուկ համադրումով մը՝ անյայտէն եւ անյայտօրէն եկող կեանքին մէջ կրնան ապրելու իրենց ուրոյն ոճը ստեղծել, առանց տժգունելու դիմաւորել ժամանակի շարայար հոլովոյթները եւ շարունակել պիրկ կամքով ծաղկեցնել պատմութեան էջերը:
Ադպիսիներէն էր Հոգելոյս Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, որ 1977-էն մինչեւ 2004 արժանաւորապէս գրաւեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Գաւազանագիրքին 60-րդ տեղը:
Ներկայ ժամանակներուն, երբ մարդկային կեանքի այլազան բնագաւառները մասնագիտական գործունէութեան, վարձատրուած պաշտօնի կամ ասպարէզի չափանիշերով յագեցած են, եւ ինքնակամ ծառայութիւնը սկսած է ստուերոտ պատկեր մը պարզել, Հոգելոյս Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ, նոր սլացք տուաւ ինքնընծայումի գաղափարին ու ձգտումին՝ իբրեւ սիրոյ ճառագայթում, վասն Աստուծոյ եւ աստուածային ստեղծագործութեան:
Արդարեւ, Ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար նշանաբանը իր հոգեւորականի կեանքին ու հոգեւոր ծառայութեան ուղեգիծ ընտրած այս անձնդիր եկեղեցականը, զարմանալի ներդաշնակութեամբ յաջողեցաւ նոյնացնել իր անձն ու առաքելութիւնը, ամբողջական գիտակցութեամբ ընդունիլ կոչումին երբեմն յուսադրիչ, բայց յաճախ սպառիչ պարտաւորութիւնները հաւասարապէս, եւ ինքնաբաշխումի պերճագեղ օրինակով մը նոր գոյն ու դիմագիծ տուաւ Բերիոյ Հայոց պատմական Թեմին, երբ համայնքի կեանքին այլաբնոյթ բնագաւառներուն վերածաղկումի, ինչու չէ վերազարթօնքի նորագոյն պատումները արձանագրուեցան իր պաշտօնավարութեան շրջանին:
Հոգելոյս Սուրէն Արք. Գաթարոյեան Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս՝ շուրջ  երեք տասնամեակ առանց ինքնզինքէն պարպուելու, իր վարակիչ կենսունակութեամբ հերկեց ու մշակեց իր ծառայութեան Աստուածահաճոյ անդաստանէն ներս, եղաւ բոլորին հետ ու բոլորին համար: Որպէս հոգեւոր հայր, ան միշտ մնաց հաղորդական ու ջերմ, գթառատ՝ բայց եւ արդարադատ, յաջողեցաւ մտերմանալ ու նոյնանալ իր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հետ անխտիր, բաժնեց անոնց տագնապները, ծերունիին յոյս եւ երիտասարդին կամք ու կորով ներշնչեց: Հետեւաբար, որպէս Բազմերախտ Հոգեւորական եւ առաջնորդ՝ որուն սիրտը բաբախեց համայնքի կեանքին կշռոյթով, ժամանակի անզիջող երկնակամարին վրայ իր բազմաբեղուն վաստակն է, որ յարաժամ կը ճառագայթէ եւ պերճախօս կը վկայէ լուսասփիւռ անձին ու գործին մասին:
Հոգելոյս Սուրէն Արք. Գաթարոյեան հետեւեալ կերպով կը սահմանէր ծառայութեան իմաստը.
«Կը հաւատամ, որ եթէ ծառայութիւնը անմիջական անդրադարձը չըլլայ գիտակից նուիրումին, նուիրումը չի կրնար բեղմնաւորուիլ ու արգասաւորուիլ մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ»:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան կողմէ, 2002 թուականին Հալէպի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ անոր  Քահանայական Ձեռնադրութեան Քառասնամեակն ու Թեմի Առաջնորդութեան Քսանհինգամեակը, Բարձր Ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, որ գնահատանքի Իր խօսքին մէջ նաեւ ըսած էր.
«Դուք, ձեր քառասնամեայ հոգեւոր առաքելութիւնը իրագործեցիք Կաթողիկոսարանէն ներս ու ապա Քանատայի եւ Հալէպի մէջ, բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ ու կոչումի բարձր գիտակցութեամբ: Ձեր հոգեւոր ծառայութեան մէջ իւրայատուկ տեղ ունեցաւ ձեր Առաջնորդական ծառայութիւնը Բերիոյ Թեմէն ներս: Ծառայութիւն մը, որ լեցուեցաւ կարեւոր իրագործումներով հոգեւոր, ազգային, կրթական, մշակութային, ընկերային ծառայութեան եւ այլ բնագաւառներէ ներս: Ծառայութիւն մը, որ հարստացաւ ծրագրուած գործունէութեամբ, հետեւողական աշխատանքով, եւ մանաւանդ ամբողջական նուիրումի ոգիով ու գիտակից յանձնառութեամբ: Ծառայութիւն մը, որ մեծ գնահատանքի արժանացաւ Բերիոյ Թեմի Ազգ. Իշխանութեան, թեմակալ ժողովուրդին, քոյր համայնքներուն, քրիստոնեայ եկեղեցիներուն, պետական եւ օտար շրջանակներու կողմէ: Արդարեւ, դուք ձեր նուիրեալ ծառայութեամբ ու անխոնջ վաստակով ձեր խոր դրոշմը ձգեցիք Բերիոյ Թեմի պատմութեան էջերուն…»:
Վկայութիւններու շարքը երկար է, սակայն անվարան կրնանք արձանագրել.
Հալէպի զաւակ Սուրէն Արք. Գաթարոյեան որպէս՝
ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ ԵՒ  ԱՒԱՆԴԱՊԱՀ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ,
ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՈՎԻՒ,
ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴ,
ՇԻՆԱՐԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ,
Իր անփոխարինելի դերը ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմը եւ յատկապէս Թեմի պատմական նստավայր Հալէպը պահելով իր արժանի պատուանդանին վրայ, երբ այսօր եւս Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ, յատկապէս Մայր գաղութը տիրող պայմաններով հանդերձ, կը մնայ ներգործող ուժ եւ պատուաստող արմատ, պատրաստ իրեն վերապահուած ու վստահուած դերակատարութիւնը ստանձնելու ամբողջանուէր կերպով՝ ի Մայր Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի:
Մարդկայնօրէն խօսքերը տեղ մը կ’աւարտին, սակայն խորքին մէջ այս պարագային կը մնան շարունակելի: Կարելի չէ վաւերական մեծութիւն մը եւ տասնամեակներու պերճիմաստ ծառայական կեանք մը սոսկ տողերու մէջ ամփոփել, վստահաբար տակաւին շա՜տ երկար պիտի յիշենք Թեմի երբեմնի 60-րդ նուիրեալ առաջնորդը, մեզի կը մնայ ձայնակցիլ պատմութեան հնչեղ ձայնին, որ սրտամորմոք կը յուշէ.
Ձեր վարձքը կատար եւ վաստակը արդար, սիրելի՛ Սուրէն Սրբազան։ Հողը թեթեւ ըլլայ եւ յիշատակը անթառամ:
Հալէպ
Դոկտ. Հուրի Ազէզեան
28 Յունուար 2024