«Համազգայինի Մարի Պապիկեան Կրթական Հիմնադրամ»-ը հաստատուած է հանգուցեալ Մարի Ֆիլհաննէսեան-Պապիկեանի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ` ի յիշատակ իրենց մօր եւ մեծ մօր եւ ի պատիւ իր տարիներու ծառայութեան եւ վաստակին, ինչպէս եւ` հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցման մարզերուն մէջ անոր ձգած ժառանգութեան: Հիմնադրամին նպատակն է շարունակել հանգուցեալ Մարի Պապիկեանին կտակը` պահպանելով հայոց լեզուն ու ժառանգութիւնը եւ զարգացնելով հայ մշակոյթը:

Այսու կը տեղեկացնենք, որ «Համազգայինի Մարի Պապիկեան կրթական հիմնադրամ»-ը կատարած է 2023 տարեշրջանի յատկացումները` համապատասխան ֆոնտի նպատակներուն. անոնք են`

Ա) Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու ծրագրին` 1000 ամ. տոլար:
Բ) Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկին` 1000 ամ. տոլար:
Գ) Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հրատարակչական մարմինին, դասագիրքերու հրատարակութեան համար` 1000 ամ. տոլար:
Դ) Դամասկոսի Ազգային վարժարանէն հինգ սաներու, որոնք յաջողակ աշակերտներ են եւ նիւթական օժանդակութեան կը կարօտին` 1000 ամ. տոլար:

Աւելցնենք, որ 2023-24 տարեշրջանի ընթացքին Դամասկոսի Ազգային վարժարանին մէջ հայերէնի բարձրագոյն միջինը ապահովող աշակերտին պիտի տրամադրուի 500 ամ. տոլար:

Այս հիմնադրամի անհրաժեշտութեան հաւատացող հայորդիները իրենց ներդրումը կրնան ունենալ դիմելով https://hamazkayin.com/en/about-us/donate/

եւ ընտրելով նուիրատուութեան այլ տարբերակը եւ պատգամին մէջ գրելով «Համազգայինի Մարի Պապիկեան կրթական հիմնադրամ»:

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԱՐԻ ՊԱՊԻԿԵԱՆ
ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»-Ի ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ