Այսօր Թովուզ–Ղազախ հատուածին մէջ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի 6-րդ հանդիպումը:

ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի աշխատակազմէն Անի Պապայեան այսօր լրատուամիջոցներուն հաղորդած է, որ այսօր հանդիպումը կ’ընթանայ այն նոյն սահմանային հատուածին մէջ, ուր նախորդ հանդիպումը եղած է։

ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը նաեւ հերքած է հայկական կողմէն քարտէզներու տրամադրումին մասին լուրերը։