ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՒԱՆԴՈՅԹԸ

Բարեկենդան օրեր է,
Խելքս գլխէս թռեր է։
Բարեկենդանը բաղկացած է բարի եւ կենդան բառերէն։ Կենդան կը նշանակէ կեանքով լեցուն։
Այս տօնին մարդիկ զիրար կը շնորհաւորեն,  մաղթելով՝ բարի կեանք եւ երջանկութիւն։ Տօնին արմատները կը հասնին մինչեւ հեթանոսական ժամանակներ։ Ընդհանրապէս ան կը տօնուի Փետրուարին, գարնանամուտէն առաջ, Մեծ Պահքի նախորդող առաջին Կիրակին։ Մեծ Պահքը կը սկսի Բարեկենդանէն ետք եւ կ’երկարի մինչեւ Ս. Զատիկ։
Բարեկենդանին հիմնական նպատակը բնութեան զարթօնքը, արթննալը խմբովին տօնելն էր։  Ան նաեւ կը խորհրդանշէ բարիին եւ չարին պայքարը, որ յաճախ արտայայտուած է խաղերու մէջ, ուր չարը միշտ ծաղրանքի առարկայ կը դառնայ ու կը պատժուի։
Մեր բարեկենդանին նմանող տօներէն է, զորօրինակ արեւելեան սլաւոններու Մասնեւիցա աւանդական տօնը։ Բարեկենդանին նմանող տօն մը գոյութիւն ունի նաեւ Եւրոպայի եւ Պրազիլի մէջ։  Ան կը կոչուի  Մարտիկրա։ Մարտիկրային մարդիկ գեղեցիկ դիմակներ կը կրեն իրենց դէմքերուն եւ փողոցները կը պտըտին պարելով եւ նուագելով։
Իտալիոյ ջրանցքներու քաղաքին՝ Վենետիկի  մէջ ալ ամէն տարի փառատօն մը տեղի կ’ունենայ այդ առիթով։
Հայերուս մօտ Բարեկենդանը տօնելու ընթացքին շատ կարեւոր էին խաղերը։ Այդ խաղերէն մէկն ալ օրօրոցի խաղն էր։
Օրօրոցը կախուած կ’ըլլար բարձր ծառի մը հաստ ճիւղէն։ Աղջիկները ուրախ-ուրախ կ’օրօրուէին։ Այդ տեսարանը աւելի զուարճալի կը դառնար երբ կակուղ ճիպոտներով կը հարուածէին օրօրուողին ոտքերը եւ մեծ բազմութեան առջեւ կը պահանջէին իրմէ որեւէ գաղտնիք մը յայտնել, մանաւանդ՝ սիրած տղուն անունը։
Բարեկենդանին երգելն ու պարելն ալ բարձր տրամադրութիւն կը ստեղծէր։ Այդ պարերէն էր ոլոր պարը, որ տարուան խորհրդանիշն էր։ Ոլոր կը նշանակէ շրջանակ։ Պարողները կլոր-կլոր կը դառնային, ինչպէս տարիները։ Այդ պատճառով պարի շրջանակը կը կոչուէր կեանքի շրջան։
Բարեկենդանի ամէնէն զուարճալի բաժինը կը կայանար դիմակաւոր խաղերուն եւ թատերական ներկայացումներուն մէջ, որոնց ընթացքին իշխանաւորներ եւ ղեկավարներ կը քննադատուէին իրենց սխալ գործերուն համար։ Ամէն մարդ ազատօրէն կու տար իր կարծիքը։
Տօնակատարութիւններուն ընթացքին կարեւոր տեղ կը գրաւէին սեղանին վրայ դրուած բազմատեսակ ճաշերը։ Անոնք պատրաստուած կ’ըլլային հորթի, թռչնազգիներու եւ ոչխարի միսերով։
Հայերը սովորութիւն ունէին Բարեկենդանի առաջին օրերուն Քաթա եւ հրուշակ (հալւա) պատրաստել։ Ընթրիքին նախասիրուած ուտեստներն էին կաթնապուրը, մածունը եւ խաշուած հաւկիթը։
Բարեկենդանը ունէր խորհրդանշական երկու տիկնիկ՝ Տատը, այսինքն՝ մեծմաման, որ կը կոչուէր Ուտիս եւ Պապը, այսինքն՝ մեծհայրը, որ կը կոչուէր Պաս։ Բարեկենդանի օրերուն Ուտիս տատը շատ կու տէր եւ բաւական գիրուկ կ’ըլլար, բայց Բարեկենդանին վերջին օրը հինցած ու պատառոտած պուպրիկի կը վերածուէր։ Այդ օր զինք լեռնէն վար կը գլորէին ու կը փոխարինէին Պաս պապով։
Պաս պապը, որ կը կոչուէր նաեւ Աքլատիս Մեծ Պահքը կը խորհրդանշէր։  Պաս եւ Պահք նոյն իմաստը ունին։  Աքլատիսին տիկնիկը կը պատրաստէին սոխի մը կամ կլոր գետնախնձորի մը վրայ եօթը փետուր դնելով։ Եօթը փետուրները կը համապատասխանէին Մեծ Պահքի եօթը շաբաթներուն եւ օրացոյցի դեր կը կատարէին։ Իւրաքանչիւր շաբթուան վերջը փետուր մը կը հանէին։ Աքլատիսը առաստաղէն կախելու ընթացքին կ’երգէին.
Տատը գնաց շերեփը ձեռքին,
Պապը եկաւ մահակն ուսին։
Հայերը այսպիսի ուրախութեամբ կը տօնէին Բարեկենդանը՝ ծափով ու ծիծաղով, երգով ու պարով։
Ուրախ Բարեկենդան կը մաղթենք բոլորիդ։