ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց U-18-ի ախոյեանական աւարտական քառեակի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմը Դամասկոսի մէջ կատարեց երեք մրցում, որոնց ընթացքին արձանագրեց երկու պարտութիւն եւ մէկ յաղթանակ: Առաջին օրը կազմը մրցակից ունեցաւ Հալէպի Հուրիէն, որ արձանագրեց անակնկալ պարտութիւն մը 52 – 48 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի երկրորդ մրցակիցը դարձաւ Լաթաքիոյ Հըթթինը եւ կրցաւ դուրս գալ յաղթական՝ 68 – 59 արդիւնքով: Կազմը իր վերջին հանդիպումը կատարեց Դամասկոսի Ուահտէին հետ եւ պարտութեան մատնուեցաւ՝ 39-65 արդիւնքով: Աւելցնենք, որ Ուահտէ գրաւեց աղիւսակի առաջին դիրքը, Հըթթին՝ երկրորդը, իսկ ՀՄԸՄ-ը՝ երրորդ դիրքը:

-Սուրիոյ ֆութպոլի տղոց հաւաքականը վերադարձաւ Դամասկոս, ուր դիմաւորուեցաւ մեծաթիւ ժողովուրդին կողմէ: Կազմը տպաւորիչ խաղարկութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քաթարի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ ախոյեանական մրցումներուն եւ արժանացաւ բոլորին համակրանքին: Աւելցնենք, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի յստականայ հաւաքականի արժանթինցի մարզիչ Հիքթոր Քուփէրի ճակատագիրը: Եթէ զոյգ կողմերը համաձայնութեան հասնին, ան պայմանագիր մը պիտի ստորագրէ Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութեան հետ մինչեւ 2026-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտը:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌՈՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԶՈՒՐԿ ԸՐԱՒ ԺՈԶԷ ՄՈՐԻՆԻՕՆ

Իտալական Ռոման պաշտօնազուրկ ըրաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մորինիօն: Այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց ակումբի մամուլի ծառայութիւնը: «Փափաքը ունինք մեր բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնելու Ժոզէին՝ իր կատարած աշխատանքին եւ ջանքերուն համար։ Ան մեծ ներդրում ունեցած է ակումբ ժամանած պահէն ի վեր: Անոր հետ կապուած հրաշալի յիշողութիւնները մեզի հետ յաւերժ կը մնան», արձանագրուած է ակումբին կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ: Ժոզէ Մորինիօ Ռոմայի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնած էր 2021 թուականին։ Մորինիօ Ռոմայի հետ դարձած է համաժողովներու լիկայի ախոյեան, 2022/23 մրցաշրջանին հասած է Եւրոպայի լիկայի եզրափակիչ:

Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան