Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ԱՄՆ-ի ուժեր օդային յարձակումով մը հրթիռակոծեցին Սուրիա-Իրաք սահմանին մօտ Սուրիոյ արեւելեան շրջանի կարգ մը ռազմական կեդրոններ եւ աւաններ։ Յարձակումին հետեւանքով քաղաքայիններ եւ զինուորներ նահատակուեցան, վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։
Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ. «ԱՄՆ-ի թիրախ դարձուցած շրջանը, նոյն այն շրջանն է, ուր սուրիական բանակը կը պատերազմի ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու մնացորդացին դէմ, ինչ որ կը հաստատէ, որ ԱՄՆ-ն եւ իր զինուորական ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի հետ կը գործակցին եւ կը ջանան Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ անոր ներկայութիւնը վերակենդանացնել»։

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ այս յարձակումը որեւէ արդարացում չունի, այլ կը միտի սուրիական բանակին ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ մղելու կարողութիւնը տկարացնել, սակայն սուրիական բանակը, այնպէս ինչպէս նախորդ տարիներուն ձախողութեան մատնեց ահաբեկչական այլազան խմբաւորումներու յարձակումները, պիտի շարունակէ իր կայունութեամբ եւ սկզբունքային գործելաոճով պաշտպանել Սուրիան եւ Սուրիոյ ժողովուրդը։

Նախարարութիւնը եզրափակելով յայտնեց. «ԱՄՆ պէտք է վերջ տայ սուրիական հողերու բռնագրաւման ու դուրս գայ սուրիական տարածքներէ։ Սուրիական բանակի եւ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը կը շեշտէ, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը պիտի շարունակուի մինչեւ սուրիական հողերուն ամբողջական ազատագրումը»։