Այսօր Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մէջ ծանոթացած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Ատրպէյճանին 4 Յունուար 2024_ին ուղարկած առաջարկներու փաթեթին։
Կարձանագրենք, որ բանակցային գործընթացի մէջ որեւէ էական տեղաշարժ չկայ, եւ առաջարկներու նախկին փաթեթներուն ծանոթանալէն վերջ մեր արծարծած բոլոր մտահոգութիւնները, ատնչուած ՀՀ-ի կողմէն որեւէ յաւելեալ անվտանգային երաշխիք չստանալու, ուժի եւ ուժի սպառնալիքով Ատրպէյճանի ձեռքբերումները ամրագրելու, ՀՀ-ին ուժի սպառնալիքով նոր զիջումներ պարտադրելու հետ, պահպանուած ին։
Սակայն, ուշագրաւ կը համարենք հետեւեալ հանգամանքը. պայմանագիրի կէտերուն ծանոթանալու ընթացքին Արտաքին Գործոց Նախարարութեան աշխատակիցները մեզի ակնարկեցին, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցային գործընթացի վտանգներու եւ կեղծ խաղաղութեան թէզի մասին հանրային իրազեկման ուղղուած մեր ջանքերը յայտնուած են համապատասխան մարմիններու ուշադրութեան, եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կ’ուսումնասիրէ մեր կողմէն գաղտնի տեղեկութիւններու չհրապարակելու դրոյթը խախտելու հանգամանքներու առկայութիւնը։
Փաստօրէն, Ատրպէյճանի նախագահի` ՀՀ-ին եւ հայ ժողովուրդին ամենօրեայ վարչակազմով ուղղուող սպառնալիքներու լոյսին տակ, ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը զբաղած է ընդդիմադիր պատգամաւորներու հարցազրոյցները եւ հրապարակային խօսքերը քննելով։
Կը յայտնենք, որ մենք սա կը գնահատենք ուղիղ սպառնալիք եւ պատգամաւորական գործունէութիւնը խոչընդոտող քայլ, միաժամանակ` կը տեղեկացնենք, որ պիտի շարունակենք մեր ժողովուրդին համար կարեւորագոյն օրակարգին մասին հանրային իրազեկումի բարձրացումին միտուած մեր գործունէութիւնը։

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ՝
Գեղամ Մանուկեան
Աննա Գրիգորեան
Քրիստինէ Վարդանեան
Արթուր Խաչատրեան