Ստորեւ կը ներկայացնենք Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայոց պատմութեան ամպիոնի դիրքորոշումը «Հայոց Պատմութիւն» առարկան «Հայաստանի Պատմութիւն» անուանափոխելու ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան գծով։
Որոշումը միաձայնութեամբ ընդունուած է հայոց պատմութեան ամպիոնի 24 Յունուար 2024-ին տեղի ունեցած նիստին, որուն մասնակցած էին ամպիոնի 18 անդամներէն 14-ը եւ պատմութեան հիմնարկի դեկան պ․ գ․ թ․, դոցենտ Մ․ Ռ․ Գաբրիէլեան։

1. Ամպիոնը իր տարակուսանքը եւ խոր մտահոգութիւնը յայտնած է, որ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան նախարարութիւնը եւ անոր ենթակայ կառոյցները, առանց գիտական ու կրթական հան­րութեան շրջանակի հետ լուրջ քննարկումներու, կրթական նոր չափորոշիչներէն եւ «Հայոց Պատմութեան» 7-րդ դասարանի աղմկայարոյց դասագիրքի հրատարակութենէն վերջ, հերթական չմտածուած եւ բնաւ չնախապատրաստուած քայլ կը կատարեն՝ շրջանա­ռու­թեան մէջ մտցնելով նախագիծ մը, որ ոչ միայն չի բխիր ազգային-կրթական եւ ազգային-պետական շահերէն, այլեւ ակնյայտ քաղաքական ենթահող ունի, ժամանակավրէպ է, եւ որուն հետեւանքները վնասակար ու վտանգաւոր պիտի ըլլան ոչ միայն կրթական համա­կարգին, այլեւ՝ ընդհանրապէս Հայաստանի ու ողջ հայութեան համար:

2. Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը որդեգրած է գործելակերպ մը, որ ի սկզբանէ կազմակերպական առու­մով բացասական տպաւորութիւն կը թողու: Անանուն պատմաբաններու դի­մու­մին հիման վրայ (փաստ չկայ, որ այդ պատմաբանները իրականութեան մէջ կան) անմի­ջապէս ի յայտ կու գայ փոփոխութիւններու նախագիծ եւ կը դրուի քննարկումի: Պարզ տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ առաջարկին պէտք է յաջորդեր անոր հեղինակներուն կողմէն իրենց առաջարկի հիմնաւորումներու հրապարակումը: Անոր պիտի յաջորդէր համապատասխան մասնագիտական կառոյցներու կարծիքներու ճշդումը, եւ դրական կար­ծիքներու պարագային միայն կազմուէր պատշաճ հիմնաւորուած փաստաթուղթ, որ կրնար ներկայացուիլ հանրային քննարկումի: Այսինքն՝ հարցումին պէտք է ցուցաբերուէր պետական-հիմնարկային մօտեցում, որ չէ կատարուած։ Ատիկա կը խօսի գիտակրթա­կան հաստատութիւններու նկատմամբ անթաքոյց անվստահութեան մասին եւ կը թողու դաւադրական գործողութիւններու տպաւորութիւն, որ բնաւ չի բխիր Հայաստանի Հանրա­պետութեան եւ, ընդհանրապէս, հայութեան շահերէն։

3. Հայո՞ց պատմութիւն, թէ՞ Հայաստանի պատմութիւն հարցադրումը եւ երկրորդը առաջինին հակադրելը ամպիոնի կարծիքով արհեստական է եւ կը բացատրուի նախա­գիծը նախաձեռնողներուն՝ որոշ իրողութիւններու չիմացութեամբ կամ զուտ քաղաքական ինչ-ինչ նկատառումներով: Անոր հետ կապուած՝ քանի մը պարզաբանումներ.

ա) Հանրակրթական առարկայի` ներկայիս կիրառուող «Հայոց Պատմութիւն» անուանումը գրաբարեան «Պատմութիւն Հայոց» ձեւակերպումի աշխարհաբարեան տար­բերակն է։ 1990-ական սկիզբը նորանկախ Հայաստանի պատմաբանները (ակա­դեմիկոսներ Լենտրուշ Խուրշուդեան, Հրաչիկ Սիմոնեան, Վլատիմիր Պարխու­տա­րեան եւ այլք) տեւական քննարկումներէն վերջ որոշեցին հրա­ժարիլ խորհրդային տարիներուն կիրառուած «Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն» անուա­նու­մէն եւ վերադարձ կա­տարել Ոսկե­դարու շրջանէն մինչեւ ուշ միջնադար ու նոր (վաղ արդի) ժամանակաշրջան կիրառուած պատմագրական աւանդոյթին։

բ) «Հայոց Պատմութիւն» առարկայի անուան մեջ «Հայոց» բառը «Հայք» բառի սեռական-տրական հոլովն է գրաբարին։ «Հայք» բառը գրաբարին մէջ կը նշանակէ միա­ժամանակ եւ՛ «Հայաստան», եւ՛ «հայեր», որ փոխանցուած է նաեւ աշխարհաբարեան կիրա­ռութեան (տե’ս Աւետիքեան Գ., Սիւրմէլեան Խ., Աւգերեան Մ., Նոր բառգիրք Հայկա­զեան լեզուի, հատոր երկրորդ, 2-րդ հրատ., Եր., ԵՊՀ հրատ., 1981, էջ 29; Մալխասեանց Ստ., Հայերէն բացատրական բառարան, հատոր երրորդ, 2-րդ հրատ., Եր., ԵՊՀ հրատ., 2010, էջ 36)։ Հետեւաբար՝ «Հայոց Պատմութիւն»-ը բովանդակային առումով աւելի տա­րողունակ եզրոյթ է՝ միաժամանակ կը նշանակէ ե՛ւ Հայաստանի՝ որպէս պետութեան, եւ՛ հայերու պատմութիւն։ Քերթողահայր Մովսէս Խորենացիի «Պատմութիւն Հայոց»-ը հայոց պետականութիւններու պատմութիւնն է: Սկսեալ 5-րդ դարէն այս անուանումը աւանդաբար կը կիրառ­ուի՝ եւ՛ գրաբարի, ե՛ւ միջին հայերէնի մէջ, ե՛ւ արեւմտահայերէնի, ե՛ւ արևելահայերէնի մէջ։ Կրթական գործընթացին եւ գիտութեան մէջ այդ եզրոյթի կի­րառ­ումով միաժամանակ կը լուծուի երկու հարց. նախ՝ մէկ եզրոյթով կը բնորոշուի հայոց պատմութիւնը ամբողջութեամբ՝ ներառեալ ինչպէս բուն Հայաստանի տարածքին պե­տա­կանութեան պատմութիւնը, նոյնպէս ալ Հայաստանէն դուրս տեղի ունեցած՝ հայ ժողովուրդին առնչուող իրադարձութիւններն ու գործընթացները, երկրորդ՝ կ’ընդգծուի ժառանգական կապը ժամանակակից եւ նախորդ դարերու հայ պատմագրութեան միջեւ։

գ) Օտար լեզուներով կարելի չէ մէկ բառով ար­տայայտել «Հայոց Պատմութիւն» եզրոյթի վերոնշեալ երկու իմաստները: Ուստի անիկա այլ լեզուներու թարգմանելու ընթացքին օգ­տագործուած է «Հայաստանի Պատմութիւն» համազոր ձեւը (History of Armenia, История Армении, Histoire d’Arménie և այլն)։ Այդ տրամաբանութեամբ առաջնորդուած են 18-րդ դարու վերջը Միքայէլ Չամչեանը, 19-20-րդ դարերու բոլոր հայագէտները (թէ՛ հայ, թէ՛ օտար), որոնք պահպանած են պատմագրութեան աւանդոյթը` կիրառելով «Պատմութիւն Հայոց» տարողունակ ձեւակերպումը հայերէնի մէջ եւ համապատասխան լեզուամտա­ծո­ղու­թեամբ թէ՛ «Հայաստանի Պատմութիւն» (լատիներէն (1736), ռուսերէն (1809, 1858, 1990), ֆրանսերէն (1841, 1869) եւ այլն), թէ՛ «Հայերու Պատմութիւն» (անգլերէն, 1978) տարբե­րակները այլ լեզուներու մէջ։

դ) Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան կողմէն հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ թուարկուած երկիրնե­րու օրինա­կով առաջարկուող փոփոխութեան հիմնաւորումը համոզիչ չէ: Օտար լեզուներու մէջ տուեալ երկրի պատմութիւնը ժողովուրդի պատմութենէն չի տարբերիր կա՛մ փաստօրէն կը համընկնի, կա՛մ քաղաքական այլազան պատճառներով։ Ֆրանսայի մէջ պաշտօնապէս ֆրանսացի կը համարուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան քաղաքացին, հետեւաբար՝ տարբերակելու կարիք չկայ։ Սաուտի Արապիան լոկ 20-րդ դարուն ստեղծուած երի­տասարդ պետութին է, որ պետականութեան աւանդոյթներ չունի: Բացի անկէ, անիկա արաբական 22 պետութիւններէն լոկ մէկն է: Հետեւաբար՝ անոր պատմութիւնը արաբ­ներու պատմութիւն անուանել կարելի չէ: Հնդկաստանը, Վրաս­տանն ու Ղազախ­իստա­նը բազմազգ երկիրներ են, ուր «Երկրի Պատմութիւն» անուանաձեւով պետականակերտ ժողովուրդները կ’իւրացնեն նաեւ այդ տարածքներուն մէջ ապրող այլ ժողո­վուրդներու պատմութիւնը։ Բացի անկէ՝ եւ՛ վրացիները, եւ՛ ղազախները կը բաժնուին ենթացեղային հանրութիւններու (վրացիները՝ մենգրելներու ու սւաններու, ղազախները՝ աւագ, միջին եւ կրտսեր ժուզերու (ցեղախումբերու))։ Հետեւաբար՝ վերը նշեալ պարագաներուն մէջ կը լուծուին այն­պիսի քաղաքական հարցեր, որոնք Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հետ ոչ մէկ ընդ­հանրութիւն ունին։
Ի դէպ, նախարարութեան ներկայացուցած հիմնաւորման մէջ բերուած օրինակները յիշեալ երկիրներու դպրոցներուն մէջ դասաւանդուող առարկաներուն չեն վերաբերիր, այլ սոսկ առանձին գիրքերու անուանումներ են։ Անհրաժեշտ էր ուսումնասիրել այդ երկիրներու դպրոցներուն մէջ ուսուցանուող տուեալ երկրի պատմության առարկայի անուանումները։

ե) Ի տարբերութիւն վերը բերուած օրինակներուն՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ պատմութեան դասաւանդումի ընդհանրութիւններ ունին, օրինակ, յոյ­ները։ Յունաստանի Հանրապետութեան դպրոցներուն մէջ «Յունաստանի պատմութիւն» անունով առանձին առարկայ չկայ, ամբողջ պատմութիւնը կը դասաւանդուի մէկ առար­կայով , ուր նիւթին մեծ մասը ուղղակիօրէն Յունաստանի եւ յոյներու մասին է (յստակ պատկերացում կազմելու համար կ’առաջարկուին հետեւեալ յղում­ները
Միեւնոյն ժամանակ յունական գրականութեան եւ գիտութեան մէջ կ’օգտագործուին ինչպէս Ιστορίατου Ελληνικού Έθνους (Յոյն Ժողովուրդի Պատմութիւն), նոյնպէս ալ Ιστορία της Ελλάδας (Յունաստանի Պատմութիւն) եզրոյթները, բայց աւելի տարածուած է «Ελληνική ιστορία» եզրոյթը, որ բովանդակային առումով համարժէք է «Հայոց Պատմութիւն» բառա­կապակ­ցութեան, քանի որ Ελληνική բառը կրնայ թարգմանուիլ միաժամանակ եւ՛ «յունական», եւ՛ «Յունաստան» տարբերակներով:

4. Առաջարկուող փոփոխութիւնը անընդունելի է նաեւ հետեւեալ պատճառներով.

ա) Նախ, պարզ չէ, թէ տարածքային առումով իրմէ ինչ պիտի ներկայացնէ առա­ջարկուող Հայաստան եզրոյթը՝ պատմական Հայքը իր լայնածաւալ տարածքո՞վ, պաշ­տոօնապէս 29800 քառակուսի քմ տարածքո՞վ ներկայիս Հայաստանի Հանրապետու­թիւնը, թէ՞ որեւէ այլ բան: Մեր երկրի համար ներկայիս ստեղծուած խիստ աննպաստ պայմաններուն, երբ վտանգուած են անոր սահմանները եւ առկայ են թշնամիի տարածքային անթաքոյց հաւակնու­թիւնները, նման հարցադրումը սոսկ հռետորական չէ եւ որոշա­կիութիւն կը պահանջէ։

բ) «Հայոց պատմութիւն» եզրոյթը «Հայաստանի Պատմութիւն»-ով փոխարինելը էապէս պիտի սահմանափակէ դասաւանդուող առարկայի բովանդակային շրջանակները: Հայաստանը նոյնիսկ պատմական Հայքի սահմաններով դիտարկելու պարագային անկէ դուրս պիտի մնան կամ խիստ թերի պիտի ներկայացուին հայոց պատմութեան այնպիսի առանցքային նիւթեր, որպիսիք են հայոց ծագումնաբանութեան, Կիլիկիոյ հայկական պետութեան, հայկական գաղթա­վայ­րերու ու Սփիւռքի, 18-րդ դարու երկրորդ կէսին, 19-րդ դարու երկրորդ կէսին եւ 20-րդ դարու սկիզբի հայ ազատագրական պայքարի, ուշ միջ­նա­դարի ու նոր շրջանի հայ մշակոյթի հիմնահարցերը եւ այլն: Մասնաւորապէս՝ առար­կայի ծրագրային շրջանակէն դուրս պիտի մնան հայ գրատպութեան, Հայաստանէն դուրս ծնած ու գործած մշակոյթի ականաւոր գործիչներու, հայ խոճայական, նոր շրջանին՝ դրամատնային եւ արդիւնաբերական տիրութեան, բարեգործական տարբեր կազմա­կեր­պու­թիւններու մասին բնաւ ոչ երկրորդական հարցերը, որոնք մեր պետութեան եւ ժողովուրդին համար լուրջ այցեքարթեր են արտաքին աշխարհին ներկայանալու համար: Որոշ պաշտոօնա­տար անձերու կողմէն հնչող պնդումները, թէ վերոնշեալ հարցերը պիտի ներառուին նոր անուանումով առարկայի ծրագիրներուն մէջ, համոզիչ չեն եւ որեւէ երաշ­խի­քով ապահովագրուած չեն:
Ամփոփելով վերոշարադրեալը, ամպիոնը կ’արձանագրէ, որ առաջարկուող փոփո­խութիւնը հիմնաւերուած չէ, ժամանակավրէպ է եւ չի լուծեր այն հարցը, որուն մասին յայտարարուած է: Փոխարէնը՝ անոր ընդունումը էական վնաս պիտի հասցնէ դպրո­ցին մէջ, կրթական համակարգի բոլոր օղակներուն մէջ առարկայի դասաւանդումին, ընդհանրապէս ազգային պատմութեան ընկալումը հասարակութեան կողմէ։

ԵՊՀ Հայոց Պատմութեան ամպիոնի վարիչ, պ.գ.դ., փրոֆ.՝ Է. Գ. Մինասեան