Հինգշաբթի, 1 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Հ.Յ.Դ. Արամ Մանուկեան Երիտասարդական Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի յայտարարած «ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ» ուսումնասիրութիւններու մրցանքի ամփոփիչ միջոցառումը, հովանաւորութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի նախարարութեան:

Ծրագիրը, որ սկիզբ առած էր 2023-ի Յունիսին, նպատակ ունէր մէկտեղել հայ ուսանողութեան մասնագիտական կարողականութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ եւ ծառայեցնել ընդհանրապէս հայ դատին եւ յատկապէս Արցախեան հիմնախնդրին: Ապա տրամադրելի դարձնել կատարուած ուսումնասիրութիւնները հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու՝ արդիւնաւէտ օգտագործման համար: Երկարաժամկէտ իմաստով նախաձեռնութիւնը կը միտի առարկայականօրէն վերլուծելով հարցերը, նպաստել քննական մտքի եւ մօտեցումներու զարգացման, որ հիմնաքարն է հասուն քաղաքական մտքի եւ գործունէութեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ նախարար, Տիար Նորիկ Մկրտչեան, ԱՀ ԱԺ պատգամաւորներ Վահրամ Բալայեանը եւ Մետաքսէ Յահոբեան եւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ՝ Արմէնուհի Կիւրեղեան, Քրիստինէ Վարդանեան եւ Գառնիկ Դանիէլեան:

Ելոյթ ունեցան ծրագրին մասնակցող լաւագոյն ուսանողները, ներկայացնելով իրենց կատարած ուսումնասիրութիւնները, ինչպէս նաև վկայութիւններ փոխանցեցնին ուսանողներուն խորհրդատուները։ Ծրագրին աշխատասիրութիւն յանձնած են 12 ուսանողներ եւ 1 ուսանողական խմբակ՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Իրանէն եւ ԱՄՆ-էն:

Յատուկ գնահատանքի արժանացան հետեւեալ երկու նիւթերը, որոնք իրենց կարեւորութեամբ եւ այժմէականութեամբ կը յատկանշուին:

– Արցախի շրջափակման եւ բռնի տեղահանութեան կործանարար անդրադարձը Արցախի մանուկներու իրաւունքներու եւ հոգեվիճակին վրայ:
Խորհրդատու՝ Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան, ՀՀ
Ուսանող՝ Տաթեւ Դաւթեան, ՀՀ

– Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան հիմնախնդիրը:
Խորհրդատու՝ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի ղեկավար, ՀՀ
Ուսանող՝ Վահագն Խաչատրեան, ԱՀ

Յաղթող համարուեցան հետեւեալ ուսանողները.

– Առաջին մրցանակ.

Նիւթ՝ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները Վրաստանի հետ
Խորհրդատու՝ Աբրահամ Գասպարեան, Ճէնէսիս Արմինիա կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն, ՀՀ
Ուսանողական խմբակ՝ Յովհաննէս Ղազարեան, Լիլիթ Եկմալեան եւ Լատուշ Սիմոնեան, ՀՀ

– Երկրորդ մրցանակ.

Նիւթ՝ Ատրպէյճանի Քաւիար դիւանագիտութիւնը Եւրոպայի մէջ
Խորհրդատու՝ Հեղինէ Էվինեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի տնօրէնուհի, Պելճիքա

Ուսանող՝ Նարօտ Նորամանեան, Հոլանտա

– Երրորդ մրցանակ.

Նիւթ՝ Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ յարաբերութիւնները

Խորհրդատու՝ Շահան Գանտահարեան, Պէյրութի Ազդակ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լիբանան
Ուսանող՝ Ժաննա Վարդանեան, ՀՀ

Աւարտին բոլոր մասնակիցները ստացան գնահատագիրներ եւ նուէրներ: Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք ծրագրի նուիրատուներուն եւ խորհրդատուներուն:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ երիտասարդական հարցերու պատասխանատու ընկեր Յովսէփ Տէր Գէորգեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ նշեց որ ծրագրի երեք հիմնասիւներն են՝ ուսանողները, ուսումնասիրոթիւնները եւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին լծուած հաստատութիւները, որոնց համար այս ուսունմնասիրութիւնները ոչ միայն տեղեկութիւններու աղբիւր են այլ առաջարկութիւններ եւ գործունէութեան հեռանկարային առաջադրանքներ: Ընկերը շեշտեց, որ հայութեան ուժը հայ մարդն է եւ մասնաւորաբար հայ ուսանողութիւնը եւ այս ծրագիրը մեր համեստ ներդրումն էր համախմբելու հայ ուսանողներուն ներուժը եւ նորարարական միջոցով բարձրացել անոնց ներդրումը եւ ներկայութիւնը ազգային կեանքէն ներս: Ուսումնասիրութիւններէն ոմանք կ’անդրադառնան թէ ինչպէս տարիներու ընթացքին թշնամի Ազրպէյճանը օգտագործեց իր ունեցած միջոցները հասնելու համար իր ներկայ իրագործումներուն՝ քարիւղի, քաւիարային դիւանագիտութեան, դաշնակիցներու եւ այլ հնարաւորութիւններու ճամբով: Հարցումը որ ինքզինք կը պարտադրէ այսօր , յայտնեց ընկերը այն է թէ ինչպէ՞ս մենք պիտի յաջողինք հզօրանալ որպէս պետութիւն եւ կասեցնել այս պարտութիւններու եւ նահանջի գահավէժ ընթացքը, վերածելով զայն վերելքի ու վերականգման ճանապարհի, որ պիտի տանի դէպի նոր յաղթանակներ:

Յառաջիկային այս հարցադրումին շուրջ հայ ուսանողութիւնը համախմբելու առաջարկութիւնը ի միտի ունենալով Մենք պիտի շարունակենք, համաձայն մեր առաքելութեան Հայ ուսանողութիւնը հայանպաստ գործունէութեան մղելու եւ առաւելաբար այսօր Արցախի համար եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի խնդիր:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ
2 Փետրուար 2024