Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Մուհամմէտ Ճալալովիճին հաւատարմագիրը, որպէս Սուրիոյ մէջ Աբխազիոյ Հանրապետութեան լիազօր դեսպան, ինչպէս նաեւ Սիտի Ուալատ Տոմանի հաւատարմագիրը, որպէս Սուրիոյ մէջ Մորիթանիոյ Իսլամական Հանրապետութեան լիազօր դեսպան։

Հաւատարմագրերու ընդունման արարողութեան ներկայ էին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան ընդհանուր քարտուղար Մանսուր Ազզամ։