Սուրիոյ հնութիւններու եւ թանգարաններու ընդհանուր տնօրէն Նազիր Աուատ յայտնեց, որ Սուրիոյ արեւելեան շրջանին դէմ ԱՄՆ-ի գրոհին հետեւանքով շուրջ 1200-ամեայ Ռահպա հնագիտական բերդը վնասուած է։

Իր կարգին Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութիւնը դատապարտեց ամերիկեան յարձակումը, որուն հետեւանքով վնասուեցաւ Ռահպա բերդը։ Բերդը կառուցուած է 9-րդ դարուն, Մայատին շրջանին մէջ, Եփրատ գետին վրայ։

Նախարարութիւնը շեշտեց, որ այս գրոհը կը խախտէ միջազգային բոլոր օրէնքներն ու պայմանագրերը, որոնք կոչ կ՚ուղղեն զինեալ բախումներու ընթացքին մշակութային հարստութիւնները պահպանելու, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով զինեալ բախումներու ընթացքին մշակութային հարստութիւնները պահպանելու մասին 14 Մայիս 1954-ի Լահէյի համաձայնութիւնը։