Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ այլ փաստաթուղթերու փոփոխութիւններու պարագային կարելի է հասնիլ խաղաղութեան: ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ ընդունելով Միջխորհրդարանական միութեան ընդհանուր քարտուղար Մարթին Զունկոնկը:
Ալիեւ նաեւ ըսած է. «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տէ ֆաքթօ խաղաղութիւն հաստատուած է»:
Ըստ անոր, «երկու երկիրներու սահմանին քանի մը ամիսէ ի վեր խաղաղ կացութիւն կը տիրէ»:
«Հոլովոյթը իր տրամաբանական աւարտին հասցնելու համար պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել եւ վերջ տալ Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի տարածքային յաւակնութիւններուն», ըսած է Ալիեւ:
Ատրպէյճանի նախագահը միեւնոյն ժամանակ սպառնացած է, որ եթէ ԵԽԽՎ-ի մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութեան իրաւունքները չվերականգնուին, Ատրպէյճանի՝ Եւրոպական խորհուրդի եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մասնակցութեան հարցը վերատեսութեան պիտի ենթարկուի:
Անդրադառնալով Ֆրանսային՝ Ալիեւ յայտնած է. «Շրջանին մէջ ապակառուցողական քաղաքականութիւն վարելով՝ Ֆրանսան կրակի վրայ պենզին կը թափէ»:
Ըստ Ալիեւի, Փարիզը շրջանին մէջ լարուածութեան պատճառ կը հանդիսանայ եւ միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններուն մէջ եւ խորհրդարանական մակարդակով հակաատրպէյճանական քաղաքականութիւն կը վարէ:
Ան Ֆրանսան մեղադրած է վարելու համար այնպիսի քաղաքականութիւն, որ ուղղուած է հարաւկովկասեան շրջանին մէջ յառաջատար դիրքեր գրաւելուն եւ իր ազդեցութեան ամրապնդման: