Թուրքիոյ Վան նահանգի Իրանի հետ սահմանամերձ «Բաշքալա» քաղաքին մէջ «Գլինջիկ» սահմանային անցակէտի մօտակայ բացման լուրը ուրախութիւն առթած է շրջանի բնակիչներուն։
Ինչպէս կը յայտնէ Pars Today-ը, առեւտուրի նախարարութեան պաշտօնեաները եւ Բաշքալայի շրջանի նահանգապետ Մուստաֆա Չելիք ներկայ գտնուելով Իրանի սահմանին գտնուող Գլինջիկ շրջան, որոշում գոյացուցած են այս սահմանային անցակէտի վերաբացման ժամկէտին մասին։
Իրան-Թուրքիա սահմանային շրջանի «Գլինջիկ» սահմանակէտը ոչ լեռնային է եւ կը գտնուի Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական նահանգի Սալմաստ քաղաքէն 20 քմ. հեռաւորութեան վրայ։