ՏԵՂԱԿԱՆ
 ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը երկարաձգեց հաւաքականի արժանթինցի մարզիչ Հիքթոր Քոփըրի պայմանագրութիւնը մինչեւ 2026-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտ: Ըստ սուրիական մարզական լրատուամիջոցներու,  Քոփըրին պայման դրուած է կազմին ապահովել բարեկամական մըրցումներ ուժեղ կազմերու հետ, ինչպէս նաեւ խումբին միացնել սուրիացի խաղացողներ, որոնք հանդէս կու գան միջազգային տարբեր խումբերու մէջ:
Աւելցնենք, որ Քոփըրի օգնական կազմին պայմանագրութիւնը եւս երկարաձգուած է:
– ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբը Դամասկոսի մէջ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել հիւրընկալ Ճարամանան՝ 103 – 66 արդիւնքով: Զոյգ խումբերը կրկին պիտի հանդիպին Հալէպի մէջ, ուր եթէ ՀՄԸՄ-ի կազմը դարձեալ յաջողի յաղթել, պիտի փոխանցուի աւարտական քառեակ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 24-րդ փուլի մրցումներուն, մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը յաջողեցաւ 4 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնել մրցակից Ճիրոնան եւ առանձնանալ աղիւսակի գլխաւորութեամբ:
Մրցումի սկիզբէն, Ռէալ տիրապետեց խաղարկութեան եւ կրցաւ իշխել արդիւնքին: Կազմի պրազիլցի խաղացող Վինիսիոս Ճունիըր յաջողեցաւ 5-րդ վայրկեանին կատարել կոլերու բացումը,  որմէ ետք անգլիացի Ճուտ Պելմինկհամ դարձաւ երկու կոլերու հեղինակ: Ռէալի կոլերու շարքը աւարտեց պրազիլցի Ռոտրիկօն: Նշենք, որ Ռէալ այս յաղթանակով 61 կէտով մնաց աղիւսակի առաջին դիրքին վրայ,  իսկ իրեն յաջորդեց Ճիրոնան՝ 56 կէտով:
ՔԱԹԱՐ ԱՍԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ
Ասիոյ ախոյեանութեան աւարտական մրցումին, Քաթար 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Յորդանանը եւ հերթական երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Ասիոյ ախոյեան: Հետաքրքրական էր, որ Քաթար իր երեք կոլերը նշանակեց տուգանային հարուածներով, ինչ որ դժգոհանք յառաջացուց յորդանանցի ժողովուրդին մօտ: Հանդիպումէն ետք, Յորդանանի կազմի խաղացողները յայտնեցին, թէ հանդիպումի իրաւարարը կողմնակցութիւն արձանագրած է Քաթարի կազմին նկատմամբ եւ անոր յաղթանակը անարդար է, ինչպէս նաեւ անդրադարձան, որ նշեալ իրաւարարը նախապէս պատժուած էր Ասիոյ Ֆութպոլի Դաշնութեան կողմէ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան