Նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։

Կողմերը քննարկեցին երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանի զարգացումները։

Հանդիպումի ընթացքին նախագահ Ասատ յայտնեց, որ Կազզայի վրայ Իսրայէլի շարունակուող յարձակումով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը սպառնայ ընդլայնել հակամարտութեան շրջանակը՝ շարունակելով սիոնիստական ​​կազմակերպութեան մահաբեր զէնք մատակարարել։ Ան դիտել տուաւ, որ Ուաշինկթըն յարձակումներ կը գործէ Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր շրջաններու վրայ։
Նախագահ Ասատ աւելցնելով ըսաւ, որ սիոնիստական ​​շարժումը եւ Արեւմուտքը այսօր փակուղիի մէջ են, իսկ Արեւմուտքէն այժմ կը պահանջուի փրկել այդ շարժումը, ինչ որ Իսրայէլի բռնագրաւումը պաղեստինեան, սուրիական եւ լիբանանեան տարածքներու փակուղիէն դուրս բերելու փորձ է։
Նախագահ Ասատ յայտնեց, որ մեր պարտականութիւնն է մեր ուժերուն համապատասխանած չափով Պաղեստինի ժողովուրդին կողքին ըլլալ, քանի որ տեղւոյն ժողովուրդին պատահածը աննախընթաց է։

Իր կարգին Ապտուլլահեան յայտնեց, որ Կազզայի հարցը ոչ միայն տարածաշրջանային կարեւոր հարց կը համարուի, այլեւ միջազգային հարց, իսկ Սուրիան առաջին գիծի վրայ է Պաղեստինի ժողովուրդին աջակցելու իմաստով։