Սուրիոյ Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գումարուած «Ապագայ Կառավարութիւններու Կանխատեսում» խորագիրով, կառավարական համաշխարհային գագաթնաժողովի աշխատանքներուն, մասնակցութեամբ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու նախագահներու, աւելի քան 80 միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու, 120 կառավարական պատուիրակութեան, համաշխարհային մտաւորականներու եւ մասնագէտներու, ինչպէս նաեւ աւելի քան 4000 մասնակիցի։

Սուրիական պատուիրակութեան նախագահեց հաստատութիւններու հարցերու կարգաւորման վարչական բարգաւաճման նախարարի օգնական երկրչփ. Սանա Լախուճ։