13 Փետրուարին, Ներքին Հանդի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերուն կրակոցին հետեւանքով զոհուած են՝

Եդուարդ Համլեթի Յարութիւնեան (1974 թ.),
Գագիկ Վարազդատի Մանուկեան (1982 թ.),

Արսէն Գագիկի Համբարձումեան (1979 թ.),
Հրաչեայ Թալիշի Յովհաննիսեան (1957 թ.)։
Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը իր վշտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնած է զոհուածներու ընտանիքներու անդամներուն եւ հարազատներուն:
Յիշեցնենք, որ Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, այսօր՝ տեղւոյն ժամը 05:30-էն սկսեալ, Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքերով կրակ բացած են Ներքին Հանդի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ, որուն հետեւանքով հայկական կողմը ունեցած է 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր։