Օդանաւը աստիճանաբար վայրէջք կատարեց: Անիւները փափուկ հպեցան ասֆալտին, ճամբորդները խանդավառ ծափահարեցին:

Երկինք բարձրանալը անկասկած հաճելի զգացում է, բայց երեք ժամեր հոն սաւառնելով հասնիլ հող, յատկապէս ծննդավայր՝ սպասուած ու ցանկալի պահն է:

Կայուն հողը՝ ապահովութիւն է:

Ութ տարի առաջ, երբ հեռացանք այս քաղաքէն, այսինքն՝ ծննդավայրէս կորսնցնելով շա՜տ բաներ, ամէն ինչ անապահով էր. Իսկ այս մոլորակի վրայ ապահովութիւն բառը պայմանական է, երկինքին մէջ ծփացող փուչիկի նման, որուն աներեւոյթ թելը երկրագունդի ճակատագիրը որոշող մեծերու ձեռքն է:

Ծննդավայրը՝ յուշերու հսկայ պատկերագրքի մը անհատնում էջերն են. Կը թերթեմ զգուշօրէն, սիրելի պատկերներու դիմաց կանգ առնելով.

«Գանձասար» շաբաթաթերթ…

Կը զանգեմ «Գանձասար»-ի խմբագրուհի ժրաջան ու հիւրընկալ Զարմիկ Պօղիկեանին, փափաք կը յայտնեմ շաբաթ առաւօտ տեսնուիլ գրասենեակին մէջ:

– Հինգ յարկ բարձրանալը մութ աստիճաններէն դժուար չէ՞… հասկցայ… սիրով, սիրով.- ան խմբագրի հմտութեամբ արդէն կը վերլուծէ ցանկութիւնս ու կը ժամադրուինք:

Կանգնած եմ շէնքին դիմաց ու..

Փա՜ռք, հազա՜ր փառք, որ շէնքը կանգուն է, որ «Գանձասար»-ի խմբագրութիւնը վերադարձած է իր «տունը», որ ինչպէս հերոսաբար գործեց պատերազմական խառն օրերուն, կը շարունակէ իր երթը:

Կը միացնեմ ձեռքի հեռաձայնիս լուսարձակը, օգտուելով «թեքնոլոճի»-ի բարեմասնութիւնը ներկայացնող բարիքէն: Պատերազմի շրջանին, երբ  ստիպուած էինք լքել մեր տունը եւ փոխադրուիլ «մասամբ» աւելի ապահով վայր, համացանցն ու ելեկտրական հոսանքը անհասանելի էին ու ես փոխադրելի համակարգիչիս գործիքը շալկած կը բարձրանայի նոյն այս աստիճաններէն: «Գանձասար»-ի գրասենեակը տակաւին յամառօրէն կը գործէր, ելեկտրական հոսանք արտադրող սարք կար եւ նուիրեալ աշխատողներ… պայթումներ, ցնցումներ իսկ գրասենեակէն ներս մեղուափեթակ…

Յետոյ, ինչպէս արդէն սովորական երեւոյթ էր քաղաքին մէջ «Գանձասար»-ի խմբագրութիւնը եւս, հաւաքած անհրաժեշտ սարքերը փոխադրուեցաւ իբր աւելի ապահով շրջան (կարծես քաղաքին մէջ ապահով շրջան կար), յետոյ ուրիշ ու ամենակարեւորը գործեց հերոսաբար երկրի ներքին վիճակի պատկերը ու գաղութի լուրերը սփռելով աշխարհին:

Կը բարձրանամ մէկ շունչով, շէնքը ամայի է, բայց հարազատ շունչ կայ։

Հինգերորդ յարկի գրասենեակի դրան առջեւ կ’ողջագուրուինք, կոկորդս կը սեղմուի.

Դուռը դանդաղ ետ կ’երթայ, անցքը կիսամութ է, ձախ կողմը գտնուող աշխատանքային սենեակը դատարկ է:

Յիշողութեան լոյսը կը կայծկլտայ, սենեակը կը լուսաւորուի:

Ներսը, գրասեղանին ետեւ լուսահոգի օրիորդ Ալիս Գաթրճեանը, գլուխը կախ, կարմիր գրիչը ձեռքին սրբագրութեան իր աշխատանքին մէջ խորասուզուած:

Ան կը բարձրացնէ գլուխը.

– Գիտե՞ս քանի մը տող կարդալով անմիջապէս կը հասկնամ որ գրութիւնդ է,- ներողամիտ կը ժպտի ան:

Աշխոյժ, աշխատասէր, կոկիկ ու բծախնդիր հայերէնաւանդ ուսուցչուհին ու «Գանձասար»-ի սրբագրիչը ջանասիրաբար աշխատեցաւ տալով իր լաւագոյնը, ինչպէս շատ ու շատ հայ ուսուցչուհիներ գոհացաւ վտիտ ամսականով եւ ուրախացաւ իր աշակերտներուն նուաճումներով…

Կողքին տղաքն են, անդադար բլբլացող Ալեքսանն ու հանդարտ, հաւասարակշռուած Տէր Պարգեւը, դիմացը՝ Անին, անդին՝ ձեւաւորող երիտասարդը:

Պարոն Խաչիկ Շահինեանը երկարաշունչ իր խմբագրականը կը դնէ գրասեղանին. լրջախոհ ու հետամուտ ան ալ երկար տարիներ անխոնջ աշխատեցաւ, նախ Մարի Մերտխանեան խմբագիրին կողքին՝ որպէս փոխխմբագիր, ապա՝ խմբագիր: Յետոյ տեղի ունեցաւ սերնդափոխութիւն եւ Զարմիկ Պօղիկեանը՝ խանդավառ, ջանասէր նոր խմբագիրը ստանձնեց աշխատանքը:

Ու շաբաթաթերթը գործեց անխափան:

Կը վայելեմ Զարմիկին սիրառատ հիւրընկալութիւնը, թերթի ու մելանի բոյրը։

Սուրճի գաւաթին իւրաքանչիւր ումպին հետ առօրեայ մտահոգութիւններ, ներքին հարցեր, հայրենիք, Արցախ… ինչքա՜ն հարցեր ունինք երբ մարդ ըլլալու կողքին որպէս հայ կը մտածենք:

– Ինչպէ՞ս տեսար քաղաքը:

Այս հարցումը կը հնչէ ամէնուրեք, իսկ ես կը դժուարանամ պատասխանել։

Ծննդավայրը աղջամուղջի մէջ ծփացող յիշողութիւնն է, հայրենի տունը, կիսաքանդ, ամայի՜.. Քառասուն Մանկանց վերանորոգ Եկեղեցին, «Գանձասար» շաբաթաթերթը, մէկ խօսքով՝ փոքրիկ այն Հայաստանը, որ այս գաղութը ստեղծած էր:

Քաղա՜քը.. կը նախընտրեմ անցնիլ առաջ եւ յուսալ, որ օր մը ամէն ինչ կը բարենորոգուի, կը վերակառուցուի:

Հաւատալ եւ յուսալ…

Առանց յոյսի կարելի չէ գոյատեւել:

Եւ…

«Գանձասար»-ը արդէն երեսունամեակը կը բոլորէ յաղթական, առոյգ, նորութիւններու հետ քայլ պահելու իր տեսլականով:

Հաստաբուն ծառի նման մնաս կանգուն, դիմացկուն, պտղառատ ու ծաղկուն,

Մե՛ր «Գանձասար»:

Պերճուհի Աւետեան