Վերնագիրը՝ լայն, հորիզոնը՝ նեղ:
Անցեալը կը բնութագրէ ներկան: Ներկան կը պայմանաւորէ ապագան:
Կեանքը ամբողջութիւն մըն է առաւելապէս իր անցեալով: Ցաւը՝ բոլոր ազնիւ զարգացումներու յաւիտենական յուշարարը:
Եթէ ազգակորուստի եւ հայրենակորուստի դէմ չբարձրացնենք աղաղակ, եթէ ես, դուն, ան միասնաբար չկազմենք փաղանգ ու բանակ, ուշ անդրադարձած պիտի ըլլանք մեր կորուստներուն ու անոնց աղէտալի ժառանգութեան:
Ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել պատճառն ու պատճառականութիւնը այս ոչ-նախանձելի մեր իրավիճակին: Միատեսակ տեսլական ունենալու համար նախ պէտք է ունենանք տագնապելու նոյն ենթահողը՝ մեզի պարտադրուած դժուարութիւններուն: Պէտք է ըլլանք նոյն խրամատին մէջ եւ իւրացնենք նոյն անցեալը ու նոյն ճակատագիրը դիմագրաւելու գիտակցութիւնը:
Տնտեսապէս տարբեր մտահոգութիւններով ծանրաբեռնուած ըլլալը, սակայն, մեզի պէտք չէ մոռցնել տայ, թէ ազգային արժէքներ, ազգ ու հայրենիք պահելու դժուարութիւնները կը նոյնանան ու հետզհետէ մեզ կ’առաջնորդեն այն աւազախրումին, ուր մեր բոլորին լինելութեան խնդիրը կը դառնայ առաջնահերթութիւն:
Իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն, սեւ ու սպիտակ, հայրենիք ու սփիւռք պէտք է զանազանենք թշնամին հակառակորդէն, քաղաքականութիւնը բարի դրացնութենէն, ներկան ապագայէն՝ միշտ դասեր քաղելով անցեալէն:
Կեանքի մէջ բոլոր երեւոյթները ըստ ամենայնի պէտք է  զերոյի եւ իտէալի մէջ տեղադրել:
Այսօր մենք իտէալէն շատ հեռու ենք, բայց եւ այնպէս հաստատ համոզումը ունինք, որ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է տագնապիլ:
Երբ կը տագնապինք, անոր արգասիքը անպայման պիտի ըլլայ լուծումի մը յանգիլը:
Կեանքը նաեւ մեզ կ’առաջնորդէ երկու ծայրամասերու՝ առաւելագոյն շահի եւ նուազագոյն վնասի:
Անկեղծ ըլլալու համար պէտք է մատնանշենք, որ մենք արդէն կորսնցուցած ենք առաջինը, հետեւաբար մեր աշխատանքը պէտք է ըլլայ նուազագոյն վնասին առաջնորդող տուեալները ձեռք ձգել:
Միակ հարցը եւ հարցականը, որ զիս կը մղէ այս բողոքով դիմելու ձեզի հետեւեալն է՝ ես պիտի գրեմ ժամանակի մը մասին, ուր առկայ են ե՛ւ մեր արիւնոտ անցեալը, ե՛ւ տաժանակիր ներկան: Երբեմն՝ համեմուած յաջողութիւններով ու սխրանքներով:
Եթէ անցեալը  խօսուն թանգարան է, ներկան՝ հզօր յենարան, ուրեմն խորհրդաւոր վեհարան է ապագան:
Յոռետեսութիւն սփռելու համար չէ, որ այս կը գրեմ, այլ՝ ինքնախաբէութենէն յոգնածութիւնը կը պարտադրէ այս մէկը:
Հայ կեանքի հոլովոյթին եւ մեր ազգային շուկային մէջ դիւրին չէ այս բոլորը սպառել:
Այս բազմաչարչար ազգը ի՛նչ խանդավառ խոյանքներ ունեցաւ ու ինչպիսի՛ անասելի յուսախաբութիւն դիմակայելու հարկադրանքին տակ գտնուեցաւ:
Վերջապէս պատմութիւն կայ:
Պատասխանատուութեան բեռը կրելու անխուսափելի հարկադրանք կայ:
Ուրեմն ազգային մեր յիշողութիւնը վերականգնելու նուիրական գործին մեզմէ իւրաքանչիւրը իր լուման ձգելու նախանձախնդրութիւնը պէտք է ցուցաբերէ:
Յանուն հայութեան ազգացման ու քաղաքականացման եւ բնականաբար հայ ազգի մշակոյթի ստեղծման ու զարգացման՝ դիմագիծ կերտել, նկարագիր դարբնել ու ազգայնանալ:
Ահա՛ հայակերտման հիմնական յատկանիշը, ոգին ու արժէքը:
Հետեւաբար այս հաւաքականութիւնը իրաւունք չունի իր իսկ ժառանգութիւնը մսխելու:
Հայրենիք-սփիւռք օղակումի հարցը չի սահմանափակուիր միայն գաղափարական միասնութիւն եւ կարելիութեանց համակարգեալ արդիւնաւորում յառաջացնելու եզրերով:
Հանգրուանը կը պարտադրէ այդ միասնութեան տալ թէ՛ քաղաքական-ռազմավարական, եւ թէ՛ պետական-կազմակերպական համապարփակ զօրաշարժի տարողութիւն:
Հայ քաղաքական մտքի ուսերուն կը ծանրանայ այդ զօրաշարժի առաջնորդող ունելիները գտնելու պատմական
պատասխանատուութիւնը: Համազգային զօրաշարժի այդ հրամայականը բնականաբար իր տրամաբանութիւնը կը պարտադրէ նաեւ ու մանաւանդ արտերկրի հայութեան:
Եւ վերջապէս պէտք է  զարգացնել այն մէկ ու միակ ճշմարտութիւնը թէ՝ հայրենիք եւ սփիւռք անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն են եւ ըստ ամենայնի կոչուած են միասնաբար կերտելու ապագան:
Երկրչփ. Պարգեւ Աւագեան