Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Եւրոմիութիւն-Հայաստան Գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստի աւարտին, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Պորէլի հետ միատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացով նոր սահման պէտք չէ ստեղծուի, պէտք է տեղւոյն վրայ վերարտադրուին Ալմա-Աթայի հռչակագիրով եւ հետագային կողմերուն հաւանութեամբ վերահաստատուած սահմանները։

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատեց Հայաստանի հաւատարմութիւնը այն համաձայնութիւններուն, որոնք արտացոլուած են Հոկտեմբեր 2022-ին Փրակի մէջ եւ անցեալ տարուան աշնան Կրանատայի մէջ քառակողմ հանդիպումներուն ընդունուած յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ այն համաձայնագրերուն մէջ, զորս յայտարարած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ հանդիպումներէն վերջ։

«Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է վերահաստատեն, որ կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը՝ հիմնուելով 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին եւ Խորհրդային Միութեան իրաւասու եւ լիազօրուած մարմիններու կողմէն մշակուած ամենավերջին քարտէզներուն վրայ, ու ատիկա պէտք է հիմք դառնայ երկու երկիրներու սահմաններու սահմանազատման համար։ Սա կը նշանակէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացով նոր սահման պէտք չէ ստեղծուի, սակայն պէտք է տեղւոյն վրայ վերարտադրուին Ալմա Աթայի հռչակագիրով եւ կողմերու հաւանութեամբ հետագային վերահաստատուած սահմանները», ընդգծեց նախարար Արարատ Միրզոյեան։