«Այժմ, Ո՜վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝ ձգէ՛, որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի»: (Ղկ 2:29)
Վերոյիշեալ մարգարէաշունչ ոգիով, Սիմէոն Ծերունի տաճարին մէջ դիմաւորեց ծնողքին հետ տաճար այցելող, տաճար ընծայուող Յիսուս Փրկիչը, որ աշխարհ եկաւ երկնային խաղաղութիւն պարգեւելու փոթորկայոյզ սիրտերուն: Ան եկաւ իբրեւ փրկիչ աշխարհի: Եկաւ՝ երկիրը երկինքին կամրջելու եւ աստուածային լոյսով լուսաւորելու մարդոց մթագնեալ հոգիները:
Պահ մը երեւակայեցէ՛ք, թէ Աստուած, իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն, Իր փառքը ձգելով երկիր իջաւ՝ խոնարհելու մարդոց առջեւ (Յհ 3:16): Մարդը, որ դարձած էր Աստուծոյ ստեղծագործութեան գերագոյն եւ գլուխ գործոց էակը, սայթաքած էր եւ աստուածային պատուանդանէն դուրս ելած էր: Սակայն Աստուած տեսնելով մարդուն խեղճացած վիճակը, անգամ մը եւս Իր աստուածային ձեռքը երկարեց, պաշտպանելու համար մարդ անհատը:
Քրիստոսի ծնունդը, ինչպէս աւետարանը կ’ըսէ, սիրոյ արտայայտութիւն էր: Աստուած սիրեց Իր ստեղծագործութիւնը եւ այդ իսկ պատճառով Լոյսը ղրկեց, սակայն մարդիկ խաւարը աւելի սիրեցին քան Լոյսը, որովհետեւ խաւարին մէջ կրնային գաղտնի արարքներ գործել: Բայց Աստուած Լոյսը ղրկեց, որպէսզի անգամ մը եւս մարդուն առիթ ընծայէ Իր աստուածային պատկերը վերագտնելու:
Սիմէոն Ծերունին Լոյսը տեսած էր իր գիրկին մէջ, եւ այդ իսկ պատճառով է, որ Տիրոջմէ խնդրեց, որ իր հոգին յետայսօրիկ կրնար առնել: Ան Լոյսը ապրած ու ճաշակած էր, անոր երազանքով ապրած, եւ ահաւասիկ ընծայման օրը, այդ երազանքը իրականացած եւ ճշմարտացած էր տաճարին մէջ:
Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր է բոլորիս։
Տեառնընդառաջի տօնը յաւերժական Լոյսի, ճշմարիտ Լոյսի փառաբանանքի օրն է, եւ այդ փառաբանութեամբ Լոյսը կ’ընդունինք մեր մէջ, մեր անձերը յառաջ կը տանինք դէպի Լոյսը, Որն է Քրիստոս:
Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին. «Խարոյկին հուրը բորբոքելով` Աստուծոյ սիրոյ հուրը կը խնդրենք: Հեթանոսները Աստուծոյ պատիւը կրակին կը մատուցէին, իսկ քրիստոնեաներս կրակը կը ծառայեցնենք Աստուծոյ»:
Իսկ Ս. Եփրեմ Խուրի Ասորին Տեառնընդառաջին նուիրուած ճառին մէջ կը գրէ. «Ջահերն ու խարոյկները ունին հետեւեալ պատճառները․ Նախ որովհետեւ հեթանոսները Աստուծոյ պատիւը կրակին կը մատուցէին, իսկ մենք ցոյց կու տանք կրակը իբրեւ Քրիստոսի ծառայ, որուն համար կը բերենք Աստուծոյ ծառայեցնելու: Նաեւ, վրայէն թռչելով, զայն ոտնատակ կ’ընենք, ըսելով, թէ դուն աստուած չես, այլ Ան է Աստուած, Որ քառասուն օրական եկաւ տաճար»:
Սիրելինե՛ր, Լոյսը առնելով տանինք մեր տուները, եւ այս Լոյսը ինչ է եթէ ոչ նոյնինքն Քրիստոս: Քրիստոսն է, զՈր պիտի տանինք մեր ընտանեկան երդիքներն ու մեր ներաշխարհը լուսաւորելու համար:
Այդ Լոյսը թող լուսաւորէ մեր թանձրացած միտքերը:
Այդ Լոյսը թող լուսաւորէ մեր սառած հոգիները:
Այդ Լոյսը թող լուսաւորէ մեր քարացած սիրտերը:
Պատարագի աւարտին, բոլորս միասնաբար կ’երգենք «Մատի՛ք առ Տէր եւ առէ՛ք զԼոյս», եկէ՛ք, Լոյսին մօտենանք եւ անկէ առնենք, որպէսզի լուսաւորէ մեր կեանքը, մեր գործերը եւ մեր զաւակները: Եւ այդ Լոյսին ճամբով է, որ մեր եկեղեցին, ազգը եւ ժողովուրդը կը դառնան հաւատքի անսպառ գանձատուն:
Սիրելի՛ հարազատներ,
Չնմանինք այն փարիսեցիներուն, որոնք ուզեցին Լոյսը խափանել: Չգործենք արարքները կեղծաւորներուն, որոնք ուզեցին Լոյսը մթագնել իրենց խաւար գործերուն համար: Չնմանինք օրէնքի ուսուցիչներուն, որոնք Լոյսը խաչ բարձրացուցին, առանց իմանալու, որ այդ Լոյսը յաւերժ լուսաւոր պիտի մնար աշխարհի երեսին վրայ: Այլ ըլլանք Լոյսի որդիներ, սիրոյ որդիներ, Լոյսը փնտռողներ, բանանք մեր հոգիները` Տիրոջ կենարար Լոյսը ընդունելու համար եւ այդ Լոյսէն կայծ մը տանք մեր սիրելիներուն, խաւարին մէջ մնացողներուն, որպէսզի վերջին դատաստանին կարենանք Լոյսին դիմաց կենալ եւ ըսել. «Փառք գալստեան քո Տէր»: Ամէն:

Արմէն Աբեղայ