Մեծ Պահքի երկա՜ր շրջանին, ստամոքսին ցանկութիւնները շրջանցելու լաւ միջոց է այս խաղը, կը կարծեմ:

Ձմրան երկար գիշերներուն, երբ տակաւին Հալէպ, ինչպէս շրջանի բոլոր քաղաքները – բացի Պէյրութէն, որ արդէն Միջին Արեւելքի Փըթի Փաղին էր – չունէին հաճոյքներու եւ զբաղումի միջոցներ, Հալէպի միապաղաղ ձմեռ գիշերներուն ծնողքս, մօրս քեռիին՝ խալօ Արմէնին եւ անոր կնոջ՝ մարթխալօ Նուարդին հետ պլօթ կը խաղար:
Ես կը փորձէի քնանալ իրենց աղմուկին մէջ, որ ընդհանրապէս հօրս բռունցքին հարուածը կ’ըլլար փայտէ սեղանին, երբ «թուղթը չէր գար», եւ մեծ քեռի Խալօ Արմէնին կարծր ձայնը, որ քիթին տակէն հայհոյանք մը կը մռլտար:
Չէի նեղուեր. անոնց խաղը, հիմա կը մտածեմ, ինծի կու տար խաղաղութիւնը սովորական, անմիջադէպ օրուան մը աւարտին, եւ վստահութիւնը, որ վաղը նոր օր մըն է, նոյն օր մը, առանց անակնկալ ցնցումներու:
Հակառակ որ պլօթը սովորական խաղն էր ձմեռ գիշերներուն, ես ո՛չ պլօթ սորվեցայ մեծնալէս ետք, ոչ ալ ուզեցի սորվիլ:
Բայց ֆալը ուրիշ էր:
Մայրս յաճախ տիվանին կռնակէն վար կը բերէր օճառի կապոյտ տուփը, որուն մէջ կը պահէր խաղի թուղթերը, եւ «ֆալ մը բանանք, նայինք ի՞նչ պիտի ըլլայ» ըսելով, կը շարէր թուղթերը:
Հիմա ես ալ իմ կարգիս մեծ մայր դարձած, ֆալ կը բանամ, առանց ունենալու հաճոյքը զաւակներուս եւ թոռնուհիիս ներկայութեան: Չեմ ըսեր՝ «Նայինք ի՞նչ պիտի ըլլայ», որովհետեւ ուղեղս կ’ըսէ թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ, ըստ հաւանականութեան օրէնքին, մի՛շտ յիշելով որ կրնայ նաեւ անակնկալ մը ջրել հաւանականութեան վարկածները:
Բայց ամէն անգամ որ ֆալ կը բանամ, միտքս, տարօրինակ եւ քմահաճ խաղընկեր, զուգահեռներ կը գծէ այս խաղին եւ կեանքին միջեւ:
Քանի մը տեսակ ֆալ կայ, որոնց մէջէն կրնամ խուսանաւել տարբեր տեսակի ռազմավարութեամբ՝ klondike, spider, free cell, pyramid, tripeaks. ասոնք համացանցին վրայ են եւ համակարգիչիս վրայ կը խաղամ. ասոնցմէ երկուքը գոց թուղթեր ունին, իսկ երեքը՝ բաց. եթէ գոց թուղթերով է խաղը, ուրեմն պատահականութեան ներկայութիւնը աւելի մեծ է. ինչպէ՞ս կրնաս խաղալ, որ շահիլդ ապահովես. կա՞յ այդպիսի ձեւ. կեանքն ալ այդպէս չէ՞. ամէն բան կ’ընես յաջողելու համար, բայց երբեմն կը ձախողիս:
Դժուար խաղերը ամբողջ կեդրոնացումս լարելով կը խաղամ եւ դիւրութեամբ կը լուծեմ, եթէ լուծուելիք ըլլան: Դիւրիններն են հարցը. կարծես հոգեբանօրէն ընդունելով անոնց դիւրին ըլլալը, վար կ’առնեմ բոլոր զէնքերս եւ … փառաւոր կերպով կը ձախողիմ ամէն անգամ:
Դժուարներուն պարագային, եթէ բաց թուղթերով են, երբ կը տեսնեմ կարելիութիւնները եւ ըստ այդ կը կատարեմ ընտրութիւններս, տեսնելով խոչընդոտները, հաւանական քայլերը, կարելիութիւնները,  եւ ընդհանրապէս լարելով ամբողջ ուշադրութիւնս, կը բացուին, երբեմն հեզասահ կերպով, երբեմն՝ դժուարութեամբ: Բայց բոլոր այլընտրանքները դիմացս են, կը տեսնեմ զանոնք, ու եթէ ձախողիմ, ուրեմն ընտրութիւնս սխալ կատարած կ’ըլլամ:
Ա՛յս տեսակի ձախողութիւնը շատ աւելի տանելի է, քան՝ գոց թուղթերով խաղին պարագային, որովհետեւ նոյնիսկ երբ բոլոր կարելիութիւններդ ի գործ դնես, անակնկալները կրնան քեզ ցնցել:
Եթէ փոքէր սորված ըլլայի, պիտի կարենայի բացուած եւ տակաւին գոց թուղթերուն հաշուարկները ընել.  եթէ Սփիւռքի մեր դպրոցներուն մէջ, Հայաստանի դպրոցներուն պէս ճատրակի դասեր ունենայինք, պիտի կարենայի հաշուել հակառակորդիս հաւանական քայլերը եւ անոնց արդիւնքները, հասկնայի հակառակորդիս մտածելակերպը եւ վստահ ըլլայի, գոնէ բարձր տոկոսով, ունենալիք յաջողութեանս – կամ ձախողութեանս – վրայ:
Կայ նաեւ այլ խաղ մը՝ Նափոլիոնը, այդ ամբողջութեամբ բաց թուղթերով շատ բարդ խաղը, որ կը շարունակեմ իսկական թուղթերով խաղալ, որովհետեւ համացանցին վրայ չկայ, կամ ես չգտայ այդ խաղը:
Այստեղ կայ նաեւ թուղթերը ամբողջութեամբ բանալ-շարելու պահը, երբ իւրաքանչիւր բացուող թուղթի հետ միտքդ արդէն կը սկսի հաւանական լուծումներ առաջարկել, յիշեցնելով քեզի, որ հակառակ այդ լուծումներուն, յաջորդ բացուելիք թուղթը կրնայ ջրել անոր հաւանական յաջողութիւնը, նոր թուղթերուն հետ նոր լուծումներ առաջարկելով:
Անշուշտ ամէն անգամ նոր խաղ մը սկսելուս, նոր ռազմավարութիւններ կը փորձեմ, պարզապէս տեսնելու համար թէ նման քայլեր արդիւնք կու տա՞ն արդեօք, թէ ոչ: Օրինակ, կ’ըսեմ ես ինծի՝ ամէնէն փոքրէն սկսիմ, կամ՝ ամէնէն մեծէն սկսիմ շարել, կամ՝ խաղամ այնպէս, ինչպէս որ թուղթերը կու գան, առանց որոշ սթրաթէժիի, առանց որոշ ճիգի …
Ամէ՛ն անգամ սակայն արդիւնքը սպասելի չըլլար. երբ կը կարծեմ թէ պիտի ձախողիմ, տարօրինակ եւ անսպասելի յաջողութիւն մը կ’ունենամ, եւ հակառակ թուղթերուն աննպաստ շարուածքին, մէկ թուղթով կը քակուի ամբողջ թնճուկը: Ուրիշ անգամներ թուղթերը այնքան գեղեցկօրէն եւ ներդաշնակ ձեւով շարուած կ’ըլլան, որ կը մտածեմ՝ ա՛յս անգամ բացուիլը ապահով է. բայց … ճիշդ հակառակը կը պատահի:
Երբեմն նոյն խաղը կը խաղամ, տարբեր այլընտրանքներով, տարբեր թուղթեր շարժելով. արդիւնքը գրեթէ մի՛շտ նոյնն է – թէեւ կ’ըսեն՝ պէ՛տք է աշխատելաոճդ փոխես, որ նոր արդիւնքի հասնիս – եթէ ֆալը պիտի չբացուի, չի՛ բացուիր …
Արաբերէն (ֆալ) նախանշան կը նշանակէ. բարիի թէ չարի հաւասարապէս. հաւանաբար հոսկէ կու գայ խառն ի խուռն շարուած թուղթերը իրենց հերթականութեամբ շարելու խաղին անունը. եթէ կրցար հերթով դասաւորել, ուրեմն բարի է, եթէ ոչ …
Ֆրանսերէն  անունը այս խաղին patience = համբերութիւն է, որովհետեւ իրապէ՛ս համբերանք կ’ուզէ տասն անգամ չբացուող-չքակուող թուղթերը տասնմէկերորդ անգամ կրկին շարելն ու քակել փորձելը:
Ի տարբերութիւն թղթախաղի այլ տեսակներու, ֆալը առանձին կը խաղցուի, այդ է պատճառը հաւանաբար, որ այս խաղը ֆրանսերէնով  նաեւ solitaire = մենակեաց կամ մենասէր կը կոչուի:
Բառին արմատը լատիներէն է՝ solitarius, որ սկզբնական իմաստով այրի կին նշանակեր է, յետոյ՝ ոեւէ մենակեաց, մինակութիւնը նախընտրող մարդ. եւ որովհետեւ այս խաղը առանձին խաղցուող տեսակ է, կոչուեր է solitaire: (Անշուշտ solitaire կը կոչուին նաեւ նշանտուքի այն մատանիները, որոնք պարզ օղակի մը վրայ մէկ հատիկ ադամանդ կ’ունենան):
Կ’ըսուի թէ առաջին solitaire-ը ֆրանսացի ազնուական մը ստեղծեր է, որ բանտարկուեր էր Louis XIV թագաւորին կողմէ. բանտին մէջ ժամանակը անցընելու համար սկսեր է այս խաղը խաղալ, անոր կանոնները կամաց-կամաց բիւրեղացնելով:
Կ’ըսուի նաեւ, որ այս խաղը շատ լաւ միջոց է ուղեղը արթուն պահելու, արագ որոշումներ կայացնելու սովորութիւնը
զարգացնելու եւ քննադատական միտք մշակելու: Խաղի մը համար այսքան յատկութիւն բնաւ վատ չէ …
Հօրեղբայրս թոշակառու ըլլալէ ետք դարձեր էր կատաղի խաղցող մը այնքան, որ սոլիթէրի նոր տարբերակ մը մտածեր էր։
Փոխանակ եօթը սիւնակներ ունենալու, որոնք դէպի ձախ շարժելով մէկ-մէկ յաւելում կը կրեն՝ առաջին սիւնակը, մէկ թուղթ, երկրորդը՝ երկու եւ այսպէս, կարելի է ինը թուղթ շարել եւ երկու կողմերէն աւելցնել, մինչեւ որ մէջտեղի սիւնակը ըլլայ ինը, եւ յետոյ ձեռքին մնացած թուղթերը միայն մէկ անգամ բանալ:
Թուղթի խաղերը ընդհանրապէս միտքի խաղեր են, եւ ինչպէս բոլոր այդ խաղերը, ֆալն ալ  հաւասարապէս պէտք ունի միտքի եւ բախտի:
Ճի՛շդ կեանքին պէս:
Մարուշ Երամեան