Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Հայաստանի նշանակեալ վարչութեան հրաւէրով, 18 Փետրուար 2024-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի մասնաճիւղի անդրանիկ ընդհանուր ժողովը, «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս։
Ժողովը լսեց վարչութեան 9-ամսեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը և յետ լուսաբանական բացատրութիւններու, գնահատեց տարուած աշխատանքը` թէ’ ներքին կազմակերպչական, եւ թէ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին նիւթապէս օժանդակած ըլլալու իմաստով։
Առաջարկներու օրակարգով, ժողովը կարեւոր համարեց երիտասարդ տարրը ներգրաւելու համար միջոցներ որոնելը և պայմաններ ստեղծելը, ակումբային հերթական հանդիպումներ, պտոյտներ ու եկամտաբեր ձեռնարկներ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը՝ առաւելագոյնս օժանդակելու Ճեմարանին։
Աւարտին, ժողովը ընտրեց վարչութեան հետեւեալ կազմը.
Ռաֆֆի Աւետիսեան, ատենապետ
Ժիրայր Կարապետեան, ատենադպիր
Համբիկ Ճապաղջուրեան, գանձապահ
Խաչիկ Ճոզիկեան, հաշուապահ
Մարալ Տիքպիքեան
Էլենա Աւագեան
Սամիկ Պարիխանեան
Երեւան, 18 Փետրուար 2024
Դիւան
Ընդհանուր ժողովի