Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը որոշած է հաստատել Թուրքիոյ 40 նոր «Էֆ-16» հալածիչներ վաճառելու եւ արդէն վաճառուած «Էֆ-16» հալածիչներու արդիականացման գործարքը: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ յայտնած է Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:
«Քոնկրէսի այս շաբթուան որոշումը՝ հաւանութիւն տալու Թուրքիոյ կողմէ 40 նոր «Էֆ-16» հալածիչներու ձեռքբերման եւ եւս 79-ի արդիականացման, մեծ յառաջընթաց է: Թուրքիոյ մէջ «Էֆ-16» հալածիչներու գոյութիւնը չափազանց կարեւոր է ՕԹԱՆ-ի ուժերուն համար՝ դաշնակիցներուն միջեւ ապագայ փոխգործունակութիւնը ապահովելու համար», կը նշուի դեսպանատան յայտարարութեան մէջ:
Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ թրքական դիմումի վերանայման երկշաբաթեայ հոլովոյթը, որ սկսած էր 26 Յունուարին, աւարտած է գործարքի հետագայ իրականացման համար առանց որեւէ խոչընդոտի:
Այս ընթացքին քոնկրէսականները կրնային առարկութիւններ ներկայացնել: Ատիկա ըրաւ միայն ծերակուտական Ռենտ Փոլը՝ իր առարկութիւնը փոխանցելով Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնախումբին: Սակայն, ինչպէս կը նշէ պատկերասփիւռի կայանը, անոր դիմումը հետագայ յառաջընթաց չէ ունեցած մինչեւ թրքական դիմումի քննարկման ժամկէտի աւարտը: Այսպիսով, Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան տեսակէտէն Թուրքիոյ կործանիչներու վաճառքը աւարտին հասցնելու համար խոչընդոտներ չեն մնացած: