Չորեքշաբթի օր Կոլանի մէջ գործադուլ յայտարարուեցաւ եւ սուրիական դրօշը բարձրացաւ քաղաքին կեդրոնը, որպէս յիշատակում 14 Փետրուար 1982-ին Կոլանի մէջ տեղի ունեցած գործադուլի 42-ամեակին։ Գործադուլը տեղի ունեցած էր Կոլանը Իսրայէլի կցելու որոշումին որպէս մերժում։
Չորեքշաբթի օրուան գործադուլը տեղի ունեցաւ Կոլանի Մաճտ Աշշամս, Պաքաասա, Մասաատա եւ Այն Քանիէ գիւղերուն մէջ, ուր փակուեցան դպրոցներ, առեւտրական կեդրոններ, իսկ գիւղերու հրապարակները զարդարուեցան սուրիական դրօշներով։ Համախմուեցան հարիւրաւոր կոլանցիներ՝ շեշտելով, որ կառչած պիտի մնան իրենց հայրենիքին, մերժելով իսրայէլեան բռնատիրութիւնը։