ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Կիրակի, 14 Յունուար 2024-ին  Հալէպի Ճատրակի  Դաշնութիւնը կազմակերպեց  Հալէպի ախոյեանութեան տարիքային մրցաշարքը, ուր ՀՄԸՄ-ի կազմէն իրենց մասնակցութիւնը  բերին 32 մարզիկներ եւ կրցան տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրել:
Աղջկանց 18 տարեկան դասակարգի մրցումներուն ախոյեան հանդիսացաւ Սինդիա Մախխուլ, իսկ երրորդ՝ Շողեր Տէր Յովհաննէսեան։ 16 տարեկան դասակարգի երրորդ հանդիսացաւ Մեղրի Մաթոսեան։
10 տարեկան դասակարգի առաջին՝ (կրկ.) Մարիէլա Տէկիրմէնճեան, իսկ երրորդ՝ Էսթել Մախխուլ։
Տղոց 14 տարեկան դասակարգի մրցումներուն ախոյեան հանդիսացաւ Անդրանիկ Գույումճեան, ինչպէս նաեւ՝ Արսէն Քինեան առաջին (կրկ.)։
10 տարեկան դասակարգի առաջին՝ Նազարէթ Պապօղլեան, իսկ երրորդ՝ Յարութ Մարգէեան Քապպանի։ 8 տարեկան դասակարգի երրորդ՝ Չարլզ Խուրի։
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանական մրցումներուն, Հալէպի Ահլին 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դրացի Հուրիէն, իսկ աղիւսակի առաջին դիրքը գրաւող Տէր Զօրի Ֆըթուէն 1 – 0 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Հըթթինին: Մրցումի աւարտին, Հըթթինի համակիրները դաշտ խուժեցին՝ յարձակելով իրաւարարին եւ մրցակից խումբի խաղացողներուն վրայ. ապա տեղի ունեցաւ վէճ մը, որուն միջամտեց դաշտէն ներս գտնուող ոստիկանութիւնը:
-Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը Կիրակի օր արտակարգ նիստով պատժական տնօրինումներ սահմանեց Լաթաքիոյ Հըթթին եւ Տէր Զօրի Ֆըթուէ խումբերուն: Պատիժները եղան նիւթական, իսկ Հըթթին խումբէն երկու խաղացող հեռացուեցան մարզական կեանքէն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐՍԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՔԱՌԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան քառակի ախոյեան: Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուխարեստի մէջ  ընթացող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան 57 քկ. ծանրութեան եզրափակիչին Արսէն Յարութիւնեան մրցակից ունեցաւ թուրք Մուհամէտ Կարավուսը: Արսէնի մենամարտը տեւեց միայն  57 երկվայրկեան։ Արսէն  յաղթեց 10:0 արդիւնքով:
Արսէն Յարութիւնեան Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեան դարձած է  2019, 2022 եւ 2023 թուականներուն:
ԱՐՄԱՆ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան եզրափակիչ փուլին, 70 քկ. Ծանրութիւն բարձրացնողներու պայքարին Հայաստանի ներկայացուցիչ Արման Անդրէասեան 7 – 3  արդիւնքով պարտութեան մատնեց վրացի  ներկայացուցիչ Ակակի Կեմերտելիձէն: Անդրէասեան հռչակուեցաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեան։ Ան իր մարզական կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանայ Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան