Oragir.News-ին յայտնի դարձած է, որ բռնագրաւուած Արցախի գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ ատրպէյճանցիները մեծ խումբերով զբաղեցուցած են արցախահայերուն տուները, վարչական եւ այլ շէնքեր թալանելով։

Արցախցիներու գոյքի կողոպուտը սկսած էր տակաւին անցեալ տարուան աւարտին, մինչեւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէն 8 Նոյեմբերին Ստեփանակերտի մէջ զօրահանդէսի կազմակերպումը։ Տուեալ նախաձեռնութեան նախապատրաստութեան ընթացքին Ստեփանակերտի մէջ գտնուող մեծաքանակ ատրպէյճանական խումբեր, ի հարկէ, ինքնագործունէութեամբ չեն զբաղած. նման հրահանգը անոնք ստացած են «զինուորական բանտէն», քանի որ Ալիեւ ընտանեօք հանդերձ եկած էր Ստեփանակերտ, ուստի քաղաքի պատշաճ տեսքը գոնէ առերեւոյթ պիտի պահպանուած թուէր։

Զօրահանդէսէն ետք, ատրպէյճանական թալանի խումբերը սկսած են ալ աւելի վայրենաբար գործել․ անոնք բեռնատարներով կը մտնեն բնակելի թաղամասեր, մեքենաները կը կանգնեցնեն շէնքերու բակերուն մէջ, կը մտնեն բնակարաններ, այնտեղ եղած գոյքը պատուհաններէն նետելով՝ կը բեռնեն եւ անմիջապէս կը հեռանան՝ վերադառնալու եւ նոյն գործողութիւնը կրկին ու կրկին իրականացնելու մտադրութեամբ։

Աղբիւրին տեղեկութիւններով, բռնագրաւումի առաջին շաբաթներուն Ստեփանակերտի որոշ թաղամասերու տուներ նաեւ հրկիզուած են։

Ատրպէյճանական մամուլը իր հերթին մշտապէս կը տարածէ տեսանիւթեր, որոնց միջոցով յայտնալ է, թէ իբր Ստեփանակերտի տուներուն մէջ յայտնաբերուած են մեծաքանակ զէնք եւ զինամթերք։ Սա հերթական տեղեկատուական հնարքն է, որ կարելի կը դարձնէ խուզարկութեան անուան տակ ներթափանցել բնակիչներու տուներ եւ այնտեղէն հանած են արժէքաւոր գոյքը։

Այս վակխանալիան կը փորձէ ինչ-որ ձեւով կասեցնել Արցախի մէջ գտնուող ռուսական զօրախումբը․ անոր շնորհիւ՝ աւերածութենէն առայժմ կրցած են զերծ մնալ մէկ շարք յուշարձաններ, ինչպէս, օրինակ, Արցախի խորհրդանիշ «Մենք ենք, Մեր Սարերը» կոթողը։ Միւս կողմէն, ինչպէս օրերս յայտնի դարձաւ, ատրպէյճանցիներու կողմէն քանդուած յուշարձաններոը ցանկը համալրած է Յաղթանակի հրապարակին վրայ՝ «Քոլցեւոյի մէջ» տեղակայուած Ծովակալ Իսաքովի կիսանդրին։

Տիգրան Աթանէսեան