ՀՅԴ Լոռիի կոմիտէութեան շարքերը կը շարունակեն համալրուիլ։ 18 Փետրուարին, փետրուարեան ապստամբութեան 103֊ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ աւանդական երդման արարողութիւն։
Մասնակիցները ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին եւ նորագիրներուն բարի գալուստ մաղթեցին՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Խաչատուր Ստեփանեան, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէնուհի Կիւրեղեան, ՀՅԴ Լոռիի մարզային կոմիտէի նախագահ Ռոպերթ Գրիգորեան եւ Վանաձորի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ Տարօն Փիլոյեան։
Նախաձեռնութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ապագայ ծրագիրներու շուրջ լայն քննարկում: