Արցախի Ազգային Ժողովի ղեկավար կազմը հանդիպած է Արցախի Հարցերու Յանձնախումբի համակարգողին հետ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Ազգային Ժողովէն:
«19 Փետրուարին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ, նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներ հանդիպած են Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակին կոչուած յանձնախումբի համակարգող Վարդան Օսկանեանին հետ:
Հանդիպումին մասնակիցները շեշտած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծուած չէ, որ Արցախի հայաթափումը եւ ժամանակաւոր բռնազաւթումը չի կրնար վերացնել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը, սեփական հազարամեայ բնօրրանին մէջ անվտանգ եւ ապահով ապրելու բնական պահանջը, որ ամրագրուած է միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերով:
Քննարկուած են այն քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են միջազգային հիմնաւոր երաշխիքներով ստեղծելու անվտանգ ու իրաւական դրոյթներով ամրագրուած միջավայր՝ արցախահայութեան հայրենադարձման եւ անվտանգ ու ապահով կենսագործունէութեան իրականացման համար՝ բացառելով ֆիզիքական գոյութեան ու ինքնութեան սպառնալիքները: Կարեւոր համարուած է այդ ուղղութեամբ համահայկական կառոյցներու եւ անհատներու ջանքերուն նպատակաուղղուած եւ թիրախային համադրումը։
Անթոյլատրելի կը համարուի արցախահայութեան հայրենադարձման հարցի շահարկումի եւ չարաշահումի որեւէ դրսեւորում»: