Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Մեծն Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ գիրք նուիրելու օրուան առիթով Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակը Սիւնիքի մարզի Գորիս համայնքին մէջ նախաձեռնեց Համազգայինի հրատարակութիւններու շնորհանդէսի։
Հանդիպումին ներկայ էին Գորիսի պետական համալսարանի դասախօսներ եւ ուսանողներ։
Համազգայինի ընկերները ներկաներուն պատմեցին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի գործունէութեան մասին, ներկայացուցին Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներու կողմէն հրատարակուած գիրքերը։
Խօսք առին Համազգայինի ԿՎ անդամ Արտաշէս Շահպազեան, Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, ազգագրագէտ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, գրականագէտ Նանար Սիմոնեան, Սիւնիքի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Մհեր Քումունց։
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի կողմէն հանդիպումին մասնակիցները գիրքեր նուէր ստացան։